2012-11-09 13:31:35

Սայաթ Նովային Ծննդեան 300-ամեակի Առթիւ Հանդիսութիւն


Կազմակերպութեամբ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդին, հինգշաբթի, 8 նոյեմբերի երեկոյեան , Հ.Կ.Մ.-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սայաթ Նովայի ծննդեան 300-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն մը ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ պրն. Վարդան Ադամեանի, հոգեւորականներու, արուեստագէտներու, լիբանանահայ երգիչներու, կրթական պատասխանատուներու ուուսուցիչներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները լսելէ ետք աշակերտական խորհուրդին անունով Մեղրի Չարըգեան բացման խօսքը արտասանեց յոյս յայտնելով, որ Մեսրոպեանի նորաստեղծ աշուղական համոյթը երիտասարդութեան եւ աշուղական երգի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատը կը քանդէ եւ աշուղական երգը լսելի կը դարձնէ բոլորին: Ապա համոյթը հրամցուց աշուղի երգերէն փունջ մը ու նաեւ ասմունքներ նուագի ընկերակցութեամբ։ Օրուան բանախօսն էր պրն. Զաքար Քէշիշեան, որ նշեց, թէ Սայաթ Նովան իր տաղանդով, իր նուիրումով եւ իր կեանքով կոչուեցաւ «Երգի որսորդ»: Բանախօսը ներկայացուց հայ աշուղներու պատմութիւնն ու մշակոյթին մէջ ունեցած իրենց ուրոյն դերը: Սայաթ Նովայի երաժշտական հարստութիւնը ներկայացնելէ ետք, պրն. Քէշիշեան ըսաւ, որ Սայաթ Նովան ամէնէն առաջ ինք իր անձին կ՚երգէր, իր զգացումները կ՚արտայայտէր, եւ այստեղ է, որ կը կայանայ իր արժէքը: Պրն. Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ ամենայն հայոց աշուղը ոչ միայն հայկական առումով մեծ հարստութիւն է, այլ` համաարեւելեան երեւոյթ է: Գնահատելով Սայաթ Նովայի երգերուն կատարումը, պրն. Քէշիշեան շնորհաւորեց Մեսրոպեանի «Հաւասի» համոյթին ստեղծումը եւ մաղթեց յարատեւ վերելք:
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ մասին ներկայացուեցաւ դարձեալ աշուղական երգեր ու ասմունքներ։ Աւարտին, խօսք առաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ հաստատեց, թէ մէկ կողմէն սրահին մէջ «դատարկ աթոռի չգոյութիւնը» եւ միւս կողմէն «Հաւասի» աշուղական համոյթի բարձրորակ կատարումը յոյսեր կը ներշնչեն եւ կու գան հաստատելու, որ հայ աշուղական երգարուեստը ժառանգորդներ ունի ու երթը պիտի շարունակուի: Պրն. Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանին եւ արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանին, որոնց կազմակերպուած, հետեւողական եւ բծախնդիր աշխատանքին շնորհիւ համոյթը դարձաւ իրականութիւն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Հաւասի» աշուղական համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանի «Թէկուզ քու քաշն մարգրիտ տան» երգի մենակատարումով: Երգին ընկերակցեցան աշուղական համոյթի երգչախումբի եւ նուագախումբի անդամները: Սայաթ Նովայի նուիրուած այս հանդիսութեամբ Մեսրոպեան վարժարանի նորաստեղծ «Հաւասի» աշուղական համոյթը պաշտօնապէս սկսաւ իր գործունէութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.