2012-11-09 14:14:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետի Գործունէութիւնը։Միջազգային Ոստիկանութեան Համագումարին Անդամներուն Ունկնդրութիւն։


Ուրբաթ 9 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սերպիոյ նոր անուանուած դեսպան Տիար Միրքօ Ելիչ` հաւատարմագրերու ներակայացումի առիթով։ Ապա ընդունեց Կղերի Ժողովի Կառավարիչը` կարդինալ Մաուրօ Բիաչէնցան հուսկ ժամը 11.45-ին Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Ինթերփոլ - Միջազգային Ոստիկանութեան համագումարին հազարէ աւելի անդամներուն որոնք Հռոմի մէջ մասնակցեցան Միացեալ ազգերու ոստիկանութեան ընդհանուր ժողովի 81-րդ նիստին։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ

Ուրախ եմ ձեզ ընդունելու, Հռոմ կատարուած համագումարին առթիւ, դուք որ կը ներկայացնէք 190 պետութիւններու քաղաքական, անվտանգութեան ու ոստիկանութեան մարմիններն ու հաստատութիւնները, որուն Վատիկանի պետութիւնը անդամակեցաւ 2008-ին ։ Ձեր այս համազգային հանդիպումին ընթացքին ձեր խորհրդածութիւնը կեդրոնացաւ չարագործութեան դէմ պայքարելու նոր եղանակներու վրայ եւ միաժամանակ փոխանցեցիք ձեր փորձառութիւնները, ժամանակի մը մէջ, ուր քրէական բռնութիւնը ծաւալում կ'արձանագրէ համաշխարհային գետնի վրայ եւ մեծ մտավախութիւն կը պատճառէ ապագայ աշխարհին համար։ Գնահատանքի արժանի է մասնակցութիւնը դատական ու քաղաքական պատասխանատուներուն ձեր այս համագումարին, այնպէս որ իւրաքանչիւր հաստատութիւն իր նպաստը բերէ ընկերութեան պաշտպանութեան։ Ինթերփոլը կը գործէ որպէս մարմին միջազգային անվտանգութեան ու ընդհանուրի բարիքի պաշտպանութեան համար։ Ամէնքս գիտակից ենք որ բռնութիւնը կը դրսեւորուի զանազան երեւոյթներով։ Ամէն տարի զոհերու թիւը կ'աճի չարագործութեան հետեւանքով։ Այս երեւոյթը ինքնին մտահոգիչ է, քանի որ կարող է անկայուն ու վտանգաւոր դարձնել ընկերութիւնը եւ նոյնիսկ կարող է խախտել պետութեան գերիշխանութիւնը։
Եկեղեցին ու Ս. Աթոռը նեցուկ կը կանգնին բոլոր անոնց որոնք կը պայքարին բռնութեան ու ոճրագործութեան դէմ, որուն առաջին արտայայտութիւնն է ահաբեկչութիւնը ու կազմակերպուած ոճրագործութիւնը։ Ահաբեկչութիւնը բռնութեան ամենէն տմարդի ձեւն է, կը ցանէ ատելութիւն, մահ եւ վրէժխնդրութեան բաղձանք ։ Մինչ կազմակերպուած ոճրագործութիւնը բնակութիւն հաստատած է առօրեայ կեանքին մէջ եւ մութի մէջ կը գործէ ամէն օրէնքէ դուրս։ Նման յանցագործութիւններ կը ոտնակոխեն բարոյական օրէնքը, քաղաքակրթութիւնը եւ կ'արհամարեն մարդը ու անոր արժանաւորութիւնը։
Բռնութեան դէմ հակազդումը կարելի չէ կարգել միմիայն ոստիկանութեան այլ կը պահանջէ մասնակցութիւնը բոլոր անոնց որոնք ի վիճակի են վերջ դնելու այս երեւոյթին։ Նուաճելու համար ոճրագործութիւնը հարկաւոր է մասնակցութիւնը թէ հաստատութիւններոն եւ թէ ընկերութեան, սկսելով ընտանիքէն, դպրոցէն, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներէն ու կրօնուսուցումէն։ Ամէն անհատ պատասխանատու է արդարութեան ու խաղաղութեան հաստատումին։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով ինթերփոլին` միջազգային ոստիկանութեան տարած արդիւնաբեր աշխատանքին համար։ Թող Ամենակալ Տէրը լուսաւորէ եւ օրհնէ ձեր աշխատանքը եւ ձեզ ամէնքդ պաշտպանէ։










All the contents on this site are copyrighted ©.