2012-11-09 13:12:56

Շարլ Ազնաւուր Եւ Ջիւան Գասպարեան Միացեալ Ձայնասկաւառակ Պիտի Հրապարակեն:


Ֆրանսահայ նշանաւոր արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան միացեալ ձայնասկաւառակ պիտի հրապարակեն, յայտնած է Ջիւան Գասպարեան՝ Իժեւսքի հայ համայնքին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։
Երաժիշտին հարց տուած են, որ արդեօք ծանօ՞թ է Ազնաւուրին՝ ան պատասխանած է. «Շարլն իմ մօտ ընկերն է: Նա շատ լաւ մարդ է, մենք պատրաստւում ենք համատեղ ալբոմ ձայնագրել»։
Uzhevsk.ru-ի համաձայն, Գասպարեան Իժեւսք մեկնած էր «Փրոմօ կրուփ»ի հրաւէրով՝ համերգ տալու նպատակով։
Նշանաւոր տուտուկահարը առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Ուտմուրթիոյ մայրաքաղաք, իր թոռան, երաժիշտ Ջիւան Գասպարեան կրտսերի եւ «Հայաստանի վիրտուոզներ» համոյթին հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.