2012-11-09 13:31:27

Մաքսիմ Պատրիարքի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը։


Պուլկարիա- Սոֆիայի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ (9 նոյեմբերին) Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Մաքսիմ պատրիարքի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Վատիկանէն Պատուիրակութիւն մը մասնակցեցաւ արարողութեան։ Անոր մաս կը կազմէին Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդին անդամներ՝ Կարդինալ Վալթեր Գասբեր եւ Հայր Միլան Տզուսդ ։
Մաքսիմ Պատրիարքը, անցեալ 6 նոյեմբերին, իր մահկանացուն կնքած էր (98 տարեկանին), Սոֆիայի Լոզինեց հիւանդանոցի մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։ Ողբացեալ պատրիարքը 40 տարիներ կառավարած էր Պուլկարիոյ եկեղեցին։
Յուղարկաւորութեան կը մասնակցի նաեւ Հայց. առաքելական եկեղեցիէն Պատուիրակութիւնը մը։
Նշենք թէ՝ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ի լուր Պատրիարքի մահուան (6 նոյեմբերին) ցաւակցական գիր մը յղած էր Պուլկարիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Սրբազան Սիւնհոդոսին, յայտնելով իր ցաւը ու արժեւորելով Մաքսիմ պատրիարքի տարած ջանքերը ՜՜ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքի զարգացման եւ վերազարթօնքի՝՝ ուղղութեամբ։







All the contents on this site are copyrighted ©.