2012-11-09 13:45:46

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորագիրը Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային


Պէյրութ- Հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Պարաք Օպամային, իր վերընտրութեան առթիւ։
Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը փոխանցէ իր խորին շնորհաւորութիւններն ու մաղթանքները նախագահ Օպամային։ Ան կը յիշեցնէ թէ ամերիկահայերը, որոնք կը ներկայացնեն հայկական սփիւռքին մեծ հատուածը, մեծ ներդրում կը բերեն Ամերիկայի յառաջդիմութեան եւ բարգաւաճման համար։
Հոգեւոր Տէրը հայ կաթողիկէ աշխարհատարած հասարակութեան անունով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ամերիկայի նախագահին, ամրապնդելու համար խաղաղութեան, ազատութեան եւ արդարութեան ճիգերը աշխարհի չորս կողմերուն։ «Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ ձեր նախագահական այս նոր շրջանը նպաստէ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը, վերահաստատելու համար ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը», կը յայտնէ Հոգեւոր Տէրը։
Վերջապէս, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կ'եզրափակէ նամակը ըսելով. «մեր յոյսերն ու աղօթքները ձեր հետ են, որպէսզի Աստուած ձեզի ուժ պարգեւէ կատարելու համար ձեր վսեմ առաքելութիւնը, որ ստանձնեցիք»։








All the contents on this site are copyrighted ©.