2012-11-08 12:29:35

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սուրիոյ Բնակչութեան ի Նպաստ 1 Միլիոն Տոլար Կը Յատկացնէ։


Զորեքշաբթի 7 նոյեմբերի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Սուրիոյ ի նպաստ կոչ մը ուղղելով, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ Քահանայապետական բարեսիրական մարմնի Նախագահը, Կարդինալ Րոպերթ Սարան, յատուկ առաքելութեամբ մեկնած է Լիբանան (7-10 նոյեմբեր) մօտէն ուսումնասիրելու Սուրիոյ գաղթականներու իրավիճակը ու համադրելու Սուրիոյ բնակչութեան ի նպաստ մարդասիրական օժանդակութիւնները։
Վատիկանի բանբեր` Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի յայտարարութեամբ, Կարդինալ Սարան, լիբանան կատարած առաքելութեան ընթացքին, եկեղեցական հաստատութիւններուն պիտի յանձնէ նաեւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի եւ Սրբազան Հօր կողմէ Սուրիոյ բնակչութեան տրամադրուած 1 միլիոն տոլար գումարը։
Սուրբ Աթոռը կը յուսայ - աւելցուցած է Հայր Լոմպարտին - որ այս եկեղեցական եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւնը կարողանայ տագնապի պատճառաւ տարապողներու ցաւերը սփոփել եւ մղել խնդրոյ առարկայ կողմերը ու բոլոր անոնք որ Սուրիոյ ճակատագրով մտահոգուած են դիմելու տագնապի խաղաղ եւ արդար լուծման։







All the contents on this site are copyrighted ©.