2012-11-08 14:30:00

Կուաթեմալայի Մէջ Երկաշարժ - Սրբազան Քահանայապետի Ցաւն ու Զօրակցութեան Կոչը


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական պատգամ մը ուղղած է Կուաթեմալայի մէջ անցեալ օր պատահած երկրաշարժի առթիւ, որուն մէջ յայտնած է իր ցաւն ու մօտիկութիւնը։
Րիխթերի 7.4 ուժգնութիւն ունեցող երկրաշարժը մեծ վնասներ պատճառած է երկրին հիւսիս - արեւմտեան շրջաններուն եւ 17 հազար անհատներու տեղահանումը։
Սրբազան Քահանայապետը իր այս պատգամով ուզեց իր հոգեւոր մօտիկութիւնն ու զօրակզութիւնը յայտնել բնակչութեան` հայցելով Աստուծոյ մխիթարանքը այս << ահռելի աղէտին>> զոհերուն համար։ Ան ապա<<եղբայրական զօրակցութեան>> կոչ ուղղած է քաջալերելով քրիստոնեայ հասարակութիւնը, քաղաքական իշխանութիւնները եւ բարի կամք ունեցող մարդիկ որպէսզի, այս տխուր պահերուն, վեհանձն հոգիով եւ առատաձեռնութեամբ աջակցին աղէտի զոհ բնակչութեան։ Քահանայապետը ապա հայցեց իր սրտին մէջ ներկայ կուաթեմալայի սիրեցեալ ժողովուրդին Վարդարանի Տիրամօր սիրալիր պաշտպանութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.