2012-11-07 10:43:46

Ոչ եւս է Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Մաքսիմ Պատրիարքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ցաւակցական Հեռագիրը։
Սոֆիայի Լոզինեց հիւանդանոցի մէջ, 6 նոյեմբերի արշալոյսին, իր մահկանացուն կնքեց 98 ամեայ Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ Մաքսիմ պատրիարքը։ Ան 40 տարիներ ամբողջ կառավարեց Պուլկարիոյ եկեղեցին։
Ի լուր Մաքսիմ Պատրիարքի մահուան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Պուլկարիոյ Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի արժամեայ Նախագահ գերապայծառ Կրիկորի Դի Վէլիքօ Թրոնվոյի որուն մէջ Սրբազան հայրը իր խոր ցաւը կը յայտնէ։
Յանուն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ - կը կարդանք Սրբազան Հօր ցաւակցագիրին մէջ - կը փափաքիմ ձեզի, եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն վստահեցնել ՜՜իմ մասնկացութիւնս ձեր ցաւին՝՝ աղօթքի միջոցաւ։
Թող Տէրը, մեր շատ սիրելի եղբօր Մաքսիմին պարգեւէ յաւիտենական հանգիստ։
Նորին Սրբութիւնը ապա վերյիշած է ննջեցեալին եկեղեցւոյ ի սպաս գործունէութիւնը ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի Պուլկարիա կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին Պատրիարքի ցուցաբերած սիրալիր հիւրընկալութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ ապա գոհունակութիւն յայտնած է Տիրոջ, երկու եկեղեցիներու միջեւ տիրող բարի ու լաւ յարաբերութիւններուն համար, մաղթանք յայտնելով որ անոնք շարունակուին` ի սպաս աւետարանի քարոզութեան։
Մաքսիմիանոս Պատրիարքը ծնած էր 1914 -ին։
Պուլկարիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք կ՛ընտրուի 1971-ին։
Համայնավար վարչակարգի փլուզումէն ետք Մաքսիմ Պատրիարքը մեծ դժուարութիւններու հանդիպեցաւ, իր իսկ կղերական դասի կողմէ, դիմագրաւելով՝ Համայնավար վարչակարգի համախոհ ըլլալու ամբաստանութիւնները, ու ապրելով՝ Պուլկարիոյ օրթոտոքս եկեղեցւոյ ներքին բաժանումը ։
2001-ին Պուլկարիոյ երբեմնի թագաւոր Սիմէոն Տէ Սագսգոպուրկի օգնութեամբ Ան կը յաջողի վերամիացնել բաժանեալ եկեղեցին, որուն հաւատացեացները Պուլկարիոյ 7 միլիոնէ աւելի բնակչութեան 80 տոկոսը կը կազմեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.