2012-11-07 13:21:25

Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ 5 Հազար Լեհերու Ուխտագնացութիւնը Հռոմ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հռչակած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, չորեքշաբթի 7 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 8-ին, Սուրբ Պետրոսի անուան պազիլիքայի մէջ` Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Թարչիզիօ Պէրթոնէն գլխաւորեց համապատարագի սուրբ արարողութիւնը, 14 լեհ եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ եւ Խրուաթիայէն ժամանած աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնք Լեհաստանի Ռատիօ Մարիա- ռատիոկայանի հաւատարիմ ունկնդիրներ են։
Ուխտաւորները ապա մասնակցեցան Սուրբ Պեատրոսի մէջ տեղի ունեցած` Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.