2012-11-07 13:35:25

«Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Հովուական Առաքելութիւնը » Նիւթով Սեմինար ։


Լիբանան- Զմմառու Վերափոխման վանքին կից գտնուող կեդրոնին մէջ Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ հոգեւոր սեմինար, «Հովուական առաքելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանին մէջ» նիւթով մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններէն խումբ մը աշակերտներու, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր խումբի ներկայացուցիչ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի, արտադասարանային աշխատանքներու պատասխանատու պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեանի եւ Ռաֆայէլ սրկ. Ժաուհարժիի:
աշակերտական խորհուրդին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ռիթա Ումուտեան. ապա խօսք առաւ Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան, նշելով որ վարժարանին մէջ հովուական աշխատանքը պիտի ընդգրկէ աշխատանքային երեք բնագաւառ` աշակերտ, ուսուցիչ եւ ծնողք: Հայր Կարապետեան ըսաւ. «Եկեղեցին պէտք չէ նպատակ ըլլայ դաստիարակչական ծրագիրին մէջ, այլ` մասնակցող: Այդ մասնակցութիւնը պիտի իրականանայ հոգեւոր խումբին ճամբով, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ առողջ սկզբունքներու վրայ` բարելաւելու աշակերտութեան հոգեւոր, եկեղեցական ու կրօնական դաստիարակութիւն»:
Ապա աշակերտները բաժնուեցան խումբերու` քննութեան առարկայ դարձնելու վարժարանի հոգեւոր մթնոլորտը, առկայ խնդիրները, բարելաւելու կարելիութիւնները եւ ծրագիրները: Կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ` հոգեւոր մթնոլորտի մէջ: Կէսօրուան ճաշէն ետք, իւրաքանչիւր խումբ կատարեց իր ներկայացումը եւ փոխանցեց առաջարկները: Աշակերտները խօսեցան արդիական միջոցները օգտագործելու եղանակին, աշխարահաբար պատարագ մատուցելու կարելիութեան, Ս. Աւետարանի ընթերցման պահի յատկացման, կրօնի դասապահերու վերարժեւորման եւ աշակերտական հոգեւոր կեանք ստեղծելու կարելիութիւններուն մասին:
Հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան հաստատեց, որ հոգեւոր խումբը բոլոր կարելիութիւնները ի գործ պիտի դնէ իրականացնելու նպատակները: Իսկ պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, որ ներկայ աշակերտները այսօրուան երիտասարդութեան ապառողջ հոգեւոր մթնոլորտին պատճառները չեն, սակայն անոնք լուծումներուն մասնակից պէտք է դառնան, այլապէս` իրենք ալ թերացած կ՚ըլլան: Պրն. Տէմիրճեան յայտնեց, որ երիտասարդը փոփոխութիւն յառաջացնելու կամքը պէտք է ունենայ, որ պէտք է արմապնդուի ազգային ու հոգեւոր ամուր հաւատքով: Սեմինարի աւարտին, մասնակիցները մօտէն ծանօթացան Զմմառու Վերափոխման վանքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.