2012-11-06 12:02:13

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Պատգամը Գաղթականներու Ու Փախստականներու 99-րդ Օրուան Առթիւ։


''Բացէ'ք յոյսը եւ մի փակէ'ք սահմանները'' ։

Գաղթականներու 99-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի պատգամը մասնաւորապէս կը խօսի չգաղթելու իրաւունքի ու թափառաշրջիկներու տուած նպաստին զանոնք պատշաճօրէն ընդունած եւ հիւրընկալող երկիրներուն։

Գաղթականութեան 99-րդ օրուան բնաբանն է ''Գաղթականութիւն. հաւատքի եւ յոյսի ուխտագնացութիւն'' որ կը զուգադիպի 13 յունուար 2013-ին` ս. ֆրանչիսքոս սալեսացի տօնին օրը` որ լրագրողներու պաշտպան սուրբն է։

Պտագամին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գրէ <<թէեւ կը գտնուինք տնտեսական համաշխարհային ծանր տագնապին մէջ, սակայն հարկաւոր է միշտ յարգել գաղթականին հիմնական իրաւունքները>>։ Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ պետութիւնները չփակելու իրենց սահմանները այլ արմատականօրէն լուծելու մարմնավաճառութեան ու անհատներու շահագործումի հարցերը։
Գաղթականը հաւատքով ու յոյսով կը դիմէ այլուր։ Անոր ներկայութիւնը ընկերութեան մէջ բարեբեր է քաղաքացիական եւ եկեղեցական կեանքին կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ կարելի չէ անգիտանալ անկանոն գաղթականներու ներկայութիւնը, որոնք յաճախ թիրախ են շահագործումի։ Հարկաւոր է ամրապնդել ու բարգաւաճել համագործակցութիւնը եկեղեցական ու քաղաքացիական իշխանութիւններու միջեւ որպէսզի գաղթականը չի վարժուի ցրիակերութեան այլ գիտնայ իր նպաստը տալ նոր հայրենիքին։ Գաղթականը ու փախստականը, կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը կարող է հիւրընակլող երկիրներուն բերել իր օժանդակութիւնը շնորհիւ իր ձեռնահասութեան ու հաւատքի վկայութեան։
«Սիրելի եղբայր եւ քոյր գաղթականներ, թող այս համաշխարհային օրը վերանորոգէ ձեր վստահութիւնը եւ յոյսը Տիրոջ հանդէպ, որ միշտ մեր հետ կը մնայ», յայտնած է Սրբազան Քահանայապետը, կոչ ուղղելով ճանչնալու Աստուծոյ դիմագիծը «բարի գործերուն» եւ «ընդունելութեան ու հիւրընկալութեան վկայութիւններուն» միջոցաւ։

Գաղթականութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարդինալ Վելիօ մամուլին ներկայացնելով Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ըսաւ որ թէեւ ամէն պետութեան իրաւունքն է պաշտպանել իր քաղաքացիները ու պահպանել իր մշակութային ինքնութիւնը, սակայն անիկա ոչ մէկ իրաւունք ունի վտարելու գաղթականը։ Կարտինալ Վելիօ ընդգծեց անհրաժեշտութիւնը հաշտ աչքով դիտելու գաղթականը ու մօտենալու անոր։ Յաճախ մէկ ժպիտը, ողջոյն մը կ'օգնէ գաղթականը կամ փախստականը ինքզինք տունը զգալու եւ անոր կը հարթէ ճանապարհը նոր ընկերութեան մէջ շաղուելու ու անոր մաս կազմելու ։








All the contents on this site are copyrighted ©.