Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական պատգամ մը յղած է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ
նորընտրեալ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ քահանայպետին։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնած
է թէ նոր Պատրիարքը իր նախորդին, Շնուտա Գ-ի նման, պիտի գիտնայ իր համայնքին համար ըլլալ
<<իսակական հոգեեւոր հայր մը>> եւ իր հայրենակիցներուն նկատմամբ յանձնառու գործընկեր
մը <<խաղաղութեան ու համերաշխութեան վրայ հիմնուած նոր Եգիպտոսի կառուցման ի խնդիր ու
ի սպաս հասարակաց ու համայն միջին արեւելքի բարիքին>>։ Այս դժուար ժամանակներուն
- կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը - կարեւոր է որ քրիստոնեաները վկայեն զիրենք միացնող սէրն
ու բարեկամութիւնը վերյիշելով Յիսուսի արտասանած աղօթքը` վերջին ընթրիքի պահուն, <<Հայր
ըրէ որ անոնք մէկ ըլլան որպէսզի աշխարհը հաւատայ>>։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին
մէջ ապա գոհունակութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, կաթողիկէ եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցիներու
միջեւ առնուած կարեւոր քայլերուն համար, Շնուտա Գ պատրիարքի օրով, ու աղօթք կը բարձրացնէ
առ Աստուած որպէսզի երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամութիւնը ու երկխօսութիւնը շարունակուի
աւելի սերտ զօրակցութեան եւ մնայուն հաշտութեան պտուղներով։ Նշենք որ 4 նոյեմբերի
առաւօտեան Գահիրէի Սուրբ Մարկոսի Պատրիարքութեան մէջ կատարուած արարողութեամբ, հազարաւոր
հաւատացեալներու մասնկացութեամբ, 12 մանուկներէ կազմուած խմբակէ մը ընտրուած Պիշուա Ժըրժըս
, ակնակապ վիճակի մէջ, անօթի մը մէջ զետեղուած' անուններէն, ընտրեց անպա Թաուատրոս անունը,
որ օծուելէ ետք պիտի ըլլայ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը, յաջորդելիով' վախճանեալ
Շնոտա Գ. պապին: