2012-11-06 11:17:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Շնորհակալագիրը Ուղղուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետին


Առ Գերերջանիկ Տէր
Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց

Լիբանանի առաքելական ճամբորդութենէս վերադարձին, խորին երախտագիտութիւնս կ΄ուզեմ յայտնել ձեզի, այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ ցուցաբերեցիք իմ անձիս հանդէպ ամբողջ կեցութեանս ընթացքին: Անձնապէս ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելով, կը փափաքիմ արտայայտել նաեւ իմ անկեղծ երախտապարտութիւնս Կիլիկիոյ Հայոց Պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն, գնահատելով անոնց փառաւոր հիւրընկալութիւնը:

Շնորհակալութիւններս կþուղղեմ նաեւ բոլոր անձերուն, որոնք իրենց նուիրումով եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ նպաստեցին այդ օրերուն արարողութիւններու եւ հանդիպումներու բարի ընթացքին։

Մեծ ուրախութեամբ իմ սրտիս մէջ կը պահեմ այդ ժամերու յիշատակը, ուր հանդիպեցայ այնքան հաւատացեալներու, որոնք ժամանած էին բոլոր տարածաշրջանէն, խանդավառ կերպով բացայայտելու իրենց գորովը եւ փարումը Պետրոսի Յաջորդին։ Բազմաթիւ հանդիպումներու ընդմէջէն իմացայ շրջանի մարդկային հարստութիւնը եւ եկեղեցական կենսունակութիւնը, բայց նաեւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու տառապանքը, որոնք շատ անգամ բռնութեան զոհ կը դառնան։ Այս անմոռանալի պահերու արդիւնաւէտ արգասիքը կարող է քաջալերել եւ ուղղել Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ որպէսզի արիաբար ապրի հաշտութեան իր վկայութիւնը եւ յոյսով նայի դէպի ապագան։ «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ» առաքելական յորդորի ստորագրութեամբ եւ յանձնումով, կը փափաքիմ, որ այս սիրելի երկրին մէջ վերածնի հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը։

Սուրբ Կոյս Մարիամի յանձնելով Միջին Արեւելքի այս սիրելի շրջանը, ձեզի կþուղղեմ առաքելական օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու եւ Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան բոլոր հաւատացեալներուն։

Վատիկան, 2 հոկտեմբեր 2012
Բենեդիկտոս ԺԶ.








All the contents on this site are copyrighted ©.