2012-11-06 14:38:40

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Եւ Իրանի Միջկրօնական Երկխօսութեան Կեդրոնի Միջեւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան։


Ժընեւի մէջ, վերջերս, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան կեդրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ ՜՜Միջկրօնական երկխօսութեան 6-րդ հանդիպումը՝՝ որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Մասնակիցներուն շարքին էին Իրանէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Անգլիայէն եւ Փաքիստանէն աստուածաբաններ:
Ժողովին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվէյթի:
Խորհրդակցութեան ընդհանուր նիւթն էր ՜՜Միջկրօնական երկխօսութիւնն ու այսօրուան ընկերութիւնը. Ճանապարհներ, միջոցներ եւ նպատակներ՝՝: Ժողովին դասախօսեց նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ՜՜Հոգեւոր առաջնորդներու եւ մտաւորականութեան դերը` միջկրօնական Երկխօսութեան արդիւնքները ժողովուրդին մատուցելու աշխատանքին մէջ՝՝ նիւթին շուրջ: Ժողովին ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շարքին էին նաեւ կիներու եւ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը` միջկրօնական երկխօսութեան մէջ, եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներուն օգտագործման կարելիութիւնները` ժողովուրդներու միջեւ միջկրօնական երկխօսութեան սերմերը ցանելու կապակցութեամբ:
Յայտնենք, որ սոյն երկխօսութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի միջեւ սկիզբ առած էր 1995-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի քաջալերանքով, երբ վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.