2012-11-06 14:38:27

Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ Պշարա Ռայի Պատրիարքին Գեղամ Արք. Խաչերեանի «Երթը Դէպի Երանութիւն» Գիրքի Հանդիսաւոր Գինեձօն` Քասլիքի Ս. Հոգի Համալսարանին Մէջ։


Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ Երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին, Գինեձօնը կատարուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեանի «Երթը դէպի երանութիւն» խորագրեալ արաբերէն գիրքին:
Ներկայութեամբ եւ հովանաւորութեամբ՝ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին, իսլամ կրօնաւորներէն ծանօթ մտաւորական սէյիտ Հանի Ֆահսի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական նախարար Փանոս Մանճեանի, զինուորական, դատական, կուսակցական, քաղաքական ներկայացուցիչներու եւ հայ թէ արաբ լիբանանցի բազմութեան, ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ լիբանանեան քայլերգով:
Բեմավար Նաամաթ Աֆրամ ողջունեց ներկաները` դրուատիքով անդրադառնալով ձեռնարկի նպատակին ու իմաստին, ապա խօսք առաւ շիիթ կրօնաւոր եւ ծանօթ մտաւորական սէյիտ Հանի Ֆահսը ու ներկայացուց Գեղամ սրբազանի գիրքին ներքին թէ արտաքին բնոյթը` խորանալով անոր փոխանցած համամարդկային եւ համալիբանանեան պատգամներուն մէջ:
Վերյիշելով լիբանանահայութեան եւ առհասարակ հայութեան մօտիկ անցեալի ողբը` ջարդերն ու գաղթը, սէյիտ Ֆահս հիացմունքով նշեց վերապրող ու գաղթական հայերու խաղաղասէր ու համակեաց գոյակցութիւնը: Ան նաեւ նկարագրեց հայութեան բարքն ու վարկը:
Խօսք առաւ նաեւ ծանօթ բանաստեղծ եւ մամլոյ մշակ դոկտ. Սուհէյլ Մաթար, որ նոյնպէս բարձր գնահատեց Գեղամ սրբազանի այս «գործ»-ը` մէջբերումներով հիմնաւորելով իր գնահատականը:
Իր կարգին, Գեղամ արք. Խաչերեան բեմ հրաւիրուելով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն ու բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին այս երեկոյի յաջողութեան, ապա խօսքը ուղղելով Ռայի պատրիարքին ըսաւ. «Պենետիկտոս ԺԶ. պապին փոխանցած` Լիբանանի համակեցութեան առաքելութիւնը յիշեցնող պատգամը, որ ձեր պատրիարք ընտրութեան առիթով ձեր ականջին հասաւ` դուք ընտրեցիք իբրեւ ուղեգիծ»։Աւարտին խօսք առաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ յատուկ դրուատիքով եւ անմեղ հիւմըրով» վերյիշեց այս համալսարանին մէջ Գեղամ սրբազանին հետ իր ուսանողական տարիները, երբ «դասընկեր ըլլալով բացառապէս մարոնի հայեր դարձանք», ընդգծեց ան:
Ապա Ռայի պատրիարք ինք եւս մէջ ընդ մէջ մէջբերումներ կատարելով վեր առաւ գիրքին փոխանցած միջլիբանանեան համերաշխութեան ու խաղաղութեան փնտռտուքի մղող պատգամները: «Մենք պէտք ունինք լռութեան եւ անդորրութեան` յանգելու համար մեր որոնած երանութեան», ըսաւ ան:
Նշենք, որ նախքան ձեռնարկին բացումը, անգլիատառ վաւերագրական յատուկ ժապաւէն մը սփռուեցաւ Հայաստանի ու հայութեան մասին: Իսկ Անտրէ Հաժ իր կողակիցին` Լորենի եւ նուագախումբի անդամներուն հետ, լիբանանեան ու հայկական երաժշտութեամբ խանդավառեցին մթնոլորտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.