2012-11-06 14:40:02

Հայաստանի Մէջ Միջին Հաշուով Իւրաքանչիւր Քահանայ 12 Գիւղի Կը Ծառայէ։
Իւրաքանչիւր քահանայ, Հայաստանի մէջ,12 գիւղի կը սպասարկէ:


Եկեղեցին հոն ընելիքներ ունի, եկեղեցականներն ալ այդ աշխատանքը կատարողներն են։
Այս յայտարարութիւնը կատարած է Շմաւոն քահանայ Ղեւոնդեան Մէկ Նոյեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Ըստ Տէր Շմաւոնի, ժամանակին աւելի վատ պատկեր գոյութիւն ունէր:
«Այսօր, ըսաւ ան, մենք ունենք ամուսնացեալ մօտ 300 քահանաներ, իսկ 10ը տարի առաջ անոնց թիւը հազիւ 100ի կը հասնէր: Քահանայ պատրաստելը շատ արագ գործ չէ: Ամենաքիչը քահանայի եւ հոգեւորականի ուսուցման ընթացքը տեւում է մօտ 3.5 տարի: Այն պայմանում, երբ անձը, ով ուզում է քահանայ դառնալ բարձրագոյն աւարտ է եւ միայն քահանայի լսարանն է աւարտում: Բայց կայ նաեւ ճեմարան, որի դասընթացների ընթացքը 5-6 տարի է տեւում: Դիպլոմային աշխատանք եւս աւարտում է եւ նոր գործունէութիւն է ծաւալում»:
Ան ընդգծած է, որ ամբողջ Արարատեան թեմին մէջ, կան 46 քահանաներ. անոնցմէ մօտաւորապէս 30ը, կը ծառայեն Երեւանի մէջ։ Ժամանակի ընթացքին քահանաներուն թիւը պիտի աւելնայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.