2012-11-06 12:05:59

Ամմանի Մէջ Սերկէյ Լաւրով Այսօր Հանդիպում Կ՝Ունենայ Սուրիոյ Ընդդիմութեան Պատուիրակութեան Հետ։


՝՝ԻԹԱՐ ԹԱՍՍ՝՝ լրատու գործակալութիւն` յղում կատարելով Ռուսիոյ պատուիրակութեան աղբիւրի մը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր Ամմանի մէջ հանդիպում կ՝ունենայ սուրիական ընդդիմութեան պատուիրակութեան հետ: Սոյն աղբիւրին համաձայն, «նախատեսուած է սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպում, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Սուրիոյ տագնապին լուծումը»:
Լաւրով Յորդանանի մէջ հանդիպումպիտի ունենայ նաեւ Ապտալլահ Բ. թագաւորին եւ Յորդանանցի իր գործընկերոջ` Նասեր Ճաուտի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.