2012-11-06 12:11:35

«Սուրիական Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Ինքզինք Կազմակերպէ, Որպէսզի Օրինականութեան Տիրանայ» Կ՛ըսէ ֆրանսուա Հոլլանտ։


Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ սէուտական «Մատինա» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնելէ ետք, թէ «Սէուտական Արաբիա Ֆրանսայի համար զինուորական գործընկեր մըն է», կը նշէ որ «Սէուտական Արաբիա իմ այցելութեանս նպատակը նախ եւ առաջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ անձնական յարաբերութեան ստեղծումն է, եւ փոխադարձ վստահութեան հաստատումը»:
Հոլլանտ կ՝ըսէ որ պէտք է գտնել անձնաւորութիւն մը, որ սուրիական ընդդիմութիւնը ներկայացնէ, ինչպէս նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ համախոհական անձնաւորութիւն մը ընտրէ: Ան նաեւ կը նշէ , որ պէտք է ժողովրդավարական հոլովոյթին վրայ պնդել, իսկ ընդդիմութիւնը պէտք է ինքզինք կազմակերպէ, որպէսզի օրինականութեան տիրանայ: «Պէտք է օգնենք սուրիական ընդդիմութեան» ( ընդգծած է Հոլլանտ) :
Իսկ Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած որ «ամերիկեան պատուիրակութիւն մը Տոհա ուղղուած է` մասնակցելու համար սուրիական ընդդիմութեան ընդհանուր ժողովին, որ փոխանցման նոր խորհուրդի մը կազմութեան հարցը պիտի քննարկէ:
Գալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով-ի,ան եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին կը յայտնէ որ «մենք Սուրիոյ ներքին տագնապին մէջ որեւէ կողմի կողքին չենք կանգնիր: Մենք սուրիացի ժողովուրդին կը կարեկցինք: Ռուսիա սկիզբէն ի վեր արիւնահեղութեան շուտով դադրեցման հետ էր եւ բռնարարքներուն դէմ էր, որ կողմէն ալ գործուած ըլլան անոնք: Այս առումով կը նշեմ, որ կը դատապարտենք Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւանց որեւէ ոտնահարում, ներառեալ` անոնք, զորս վարչակարգը կը գործէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.