2012-11-05 12:35:32

Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի


Արեւմտահայերէնի անթերի գործածութեան եւ անոր պայծառ դիմագիծի պահպանման նախանձախնդրութենէն մեկնած` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակը, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, որոշեց իրականացնել հայ լեզուի խտացեալ դասընթացք մը` ուսուցիչներուն, ազգային, կրթական եւ միութենական կառոյցներու մէջ ծառայող քարտուղար-քարտուղարուհիներուն եւ հայերէնի հանդէպ յատուկ սէր տածող հայորդիներուն համար:
Շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, երեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:00-7:00, մասնակիցներուն պիտի փոխանցուին քերականական, շարահիւսական, ուղղագրական եւ լեզուական կարեւոր գիտելիքներ: Չորս ամիսներու վրայ երկարող այս խտացեալ դասընթացքին նիւթերը պիտի աւանդեն տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ տեարք` Ժիրայր Դանիէլեան, Կարօ Յովհաննէսեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան:
Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի դիմում կատարած ենթականերուն պարզած պատկերին լոյսին տակ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ հայ լեզուի այս խտացեալ դասընթացքին, պարտին ներկայանալ կաթողիկոսարանի կրթական-հայագիտական բաժանմունքի քարտուղարուհի Մարլեն Էվինկիւլեանին, երկուշաբթիէն մինչեւ ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-1:00, իսկ շաբաթ օրերը, 9:00-11:00, կամ հեռաձայնել կաթողիկոսարան` 04/ 410 001 թիւին` մինչեւ 15 նոյեմբեր 2012:








All the contents on this site are copyrighted ©.