Կիրակի օրը՝ (երէկ) 12 մանուկներէ կազմուած խմբակէ մը ընտրուած Պիշուա Ժըրժըս , ակնակապ
վիճակի մէջ, անօթի մը մէջ զետեղուած' անուններէն, ընտրեց անպա Թէոտորոսի անունը, որ
օծուելէ ետք պիտի ըլլայ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը, փոխարինելով' վախճանեալ
Շնոտա Գ. պապը: Անպա Թէոտորոսի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ անոր տարեդարձին օրը: Թէոտորոս
Բ. ծնած է 4 նոյեմբեր 1952-ին: Ան 1975-ին Աղեքսանդրիոյ համալսարանէն վկայուած է դեղագործութեան
պսակաւոր գիտութեան վկայականով, ապա իր ուսումը շարունակած է Անգլիոյ մէջ: Ան ծանօթ է
իբրեւ փոքրերու կրօնական դաստիարակութեան մեծ կարեւորութիւն տուող անձնաւորութիւն մը,
որովհետեւ նոր սերունդը կը նկատէ եկեղեցւոյ զարթօնքի գրաւականը: Ան երիտասարդութեան հետ
երկխօսութեան միջոցներ հաստատելը կարեւոր հարց մը կը նկատէ: Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու
հոգեւոր պետ Մոհամետ Պատիհ շնորհաւորեց Թէոտորոս Բ. պապը ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ
ընտրուելուն առիթով: Եգիպտոսի նախագահութեան բանբեր Եասեր Ալի յայտարարեց, որ Եգիպտոսի
նախագահը՝ Մոհամետ Մուրսի, պիտի մասնակցի Թէոտորոս Բ. պապի օծման արարողութեան, եթէ ղպտի
եկեղեցւոյ կողմէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ: Իսկ Պապական տեղապահը՝ անպա Պախիմոս
յայտնեց, որ նախագահ Մուրսի խոստացած է մօտ օրէն ղպտի եկեղեցւոյ այցելութիւն մը տալ.
աւելցնելով նաեւ որ եկեղեցին նոր պապի օծման արարողութեան պիտի հրաւիրէ Եգիպտոսի նախագահ
Մոհամէտ Մուրսին: Նշենք որ՝ Թէոտորոս Բ. Ղպտիներուն նոր Պապին գահակալութիւնը տեղի
պիտի ունենայ 18 նոյեմբերին։