2012-11-03 11:37:49

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը 200 Հազար Տոլար Փոխանցած Դամասկոս՝ Սուրիահայութեան Կարիքներուն Համար.


Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, 1 Նոյեմբերին սկսած է Թեմական ներկայացուցչական չորրորդ ժողովը: Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգին կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, ժողովին կը մասնակցէին Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութիւններու ներկայացուցիչներ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան Հայաստանի եւ Սփիւռքի երեսուներկու թեմերու առաջնորդներ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ եւ հայրապետական պատուիրակութիւններու ու թեմերու աշխարհական ներկայացուցիչներ: Ժողովականները պիտի քննարկեն եկեղեցական եւ ազգային կեանքին վերաբերող զանազան խնդիրներ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս այս առիթով ուղղած է իր օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը, որուն մէջ յիշած է Երուսաղէմի նորօք վախճանեալ պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը, նաեւ Հնդկաստանի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի հայրապետական պատուիրակ, Աւստրալիոյ ու Նիւ Զելանտայի հայոց առաջնորդ Աղան արք. Պալիոզեանը՝ հայցելով, որ Ողորմած Աստուած երկնային երանութեան մէջ ընդունի անոնց հոգիները։
Իր խօսքին մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հրատապ նկատած է սուրիահայութեան օգնելու հարցը: «Այսօր համայն մեր ժողովրդի հայեացքը տագնապով ուղղուած է դէպի Սիրիա, որտեղ պատերազմական իրավիճակի բոլոր դժուարութիւնները կրում է նաեւ հայ համայնքը: Սիրիաբնակ Մեր զաւակները կարիք ունեն շտապ եւ մեծ օգնութեան ու սատարումի», յայտնած է ան՝ տեղեկացնելով, որ Մայր Աթոռին կողմէ Դամասկոսի հայոց թեմին փոխանցուած է 200 հազար տոլար. ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային եւս թեմերէն ակնկալուող օժանդակութեամբ Մայր Աթոռը կարելիութիւն կ՛ունենայ աւելի մեծ գումար փոխանցելու՝ ի խնդիր սուրիահայութեան կարիքներուն բաւարարման։
Նկատի ունենալով, որ ժողովի օրակարգային հարցերէն է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը՝ կաթողիկոսը նաեւ լուսարձակի տակ առած է այդ նիւթը։ «Տարելիցն առանձնայատուկ է, եւ այն պիտի ոգեկոչենք առանձնայատուկ հնչեղութեամբ՝ հանգրուան դարձնելով մեր արդար դատի յաղթանակի ճանապարհին: Այսօր աշխարհի տարբեր պետութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, քոյր եկեղեցիներ՝ առաջնորդուելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան սկզբունքներով՝ ճանաչել եւ դատապարտել են Թուրքիայի կողմից իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բարեյոյս այս ընթացքը զօրացնում է մեր ժողովրդի լաւատեսութիւնը, որ այն կը գտնի համընդհանուր դատապարտում: 100ամեայ տարելիցը առիթ է նաեւ հոգեւոր եւ ազգային մեր կեանքի զօրացման, հերոսական մաքառումով ու ջանքերով վերածնուած մեր կեանքի արժեւորման եւ լուսաւոր գալիքի յոյսերի ամրապնդման, որոնց նոյնպէս պիտի ուղղուած լինեն նախատեսուող ծրագրերն ու միջոցառումները», նշած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.