2012-11-02 10:14:23

ՀԱՒԱՏՈՅ ՏԱՐԻ


Հաւատքին կենսականութիւնը
Կիրակի 14 հոկտեմբեր 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶրդ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ գլխաւորած սուրբ Պատարագի ընթացքին, Վատիկանեան տիեզերական Բ. ժողովի 50րդ տարեդարձի առթիւ առաքելական պաշտօնական գիրով հռչակեց բացումը ''Հաւատոյ Տարի''-ին, որ կը սկսի 11 հոկտեմբեր 2012ին եւ կ՛եզրափակուի 24 նոյեմբեր 2013՝ «Քրիստոս տիեզերքի Թագաւոր» տօնին օրը:
Մեծապէս համոզուած ենք որ «Հաւատոյ Տարի»ն պիտի նպաստէ հաւատացեալներու հոգիները սնուցանելու՝ Քրիստոնէական հաւատքի վարդապետութեան մասին պատրաստուած խորհրդածութիւններով, որոնք կը սփռուին ամէն ուրբաթ օր Վատիկանի ձայնասփիւռէն:
Ս. Գիրքին մէջ, «Հաւատք» բառը բազմաթիւ իմաստներ ունի: Սակայն անոր գլխաւոր իմաստը հետեւեալն է. Առաքինութիւն մը, որով կատարեալ եւ ամբողջական կերպով կը հաւանինք Աստուծոյ կողմէ յայտնուած ճշմարտութիւններուն: Ոչ ոք կրնայ իրաւացիօրէն տարակուսիլ, թէ այս հաւատքը որուն մասին կը խօսինք եւ պիտի խօսինք այս տարուոյն ընթացքին, հարկաւոր է փրկութեան, որովհետեւ Եբրայեցիներուն թուղթին մէջ գրուած է. «Առանց հաւատքի անկարելի է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ» (Եբր. ԺԱ, 6)
Աստուած մեզ շատ մը բաներ յայտնած է: Եւ ամէն ինչ որ յայտնուած է, դիւրաւ չի հասկցուիր, եւ նոյնիսկ երբ զայն հասկցած ենք, բաւականաչափ լաւ չենք պահեր մեր մտքին մէջ, որպէսզի կարենանք միշտ գոհացուցիչ բացատրութիւն մը ընձեռնել: Այս պատճառով, շատ իմաստուն կերպով մեր Հայրերը՝ փրկութեան վարդապետութիւնը եւ գիտութիւնը բաժնած են զանազան գլխաւոր մասերու. Առաքեալներու Հանգանակը, խորհուրդները, տասը պատուիրանները կամ՝ Տասնաբանեան եւ Տէրունական Աղօթքը:
Արդ ամէն ինչ որուն պէտք է հաւատանք եւ զոր պէտք է ճանչնանք Աստուծոյ մասին, այսինքն ստեղծագործութիւնը, աշխարհիս կառավարութիւնը, բարիներու վարձատրութիւնը եւ չարերու պատիժը, այս բոլորը բովանդակուած են մեր Հաւատոյ Հանգանակին մէջ:
Հաւատքը ներգործութիւն մըն է, որ փոփոխութիւն մը կը նշէ, զղջում ու դարձ մը, ինչպէս կ՛ըսէ Պենետիկտոս Քահանայապետը: Այս ներգործութիւնը սակայն կղզիացած խորհրդածութեան արտացոլումը չէ այլ պտուղն է Յիսուսի հետ երկխօսութեան յարաբերութեան: Հետեւաբար, մարդուս վերջին վախճանը, այսինքն՝ երջանկութիւնը զոր պէտք է փնտռէ, չափազանց բարձր է, որպէսզի կարող ըլլայ իր բնական խելքով զայն ճանչնալ: Հարկ է ուրեմն որ Աստուած զայն անձամբ ծանօթացնէր իրեն:
Արդ, այս ծանօթութիւնը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Հաւատքը, որով, բոլորովին անվարան կ՛ընդունինք իբրեւ ստոյգ՝ ինչ որ մեր Մայրը՝ Ս. Եկեղեցին մեզի կը սորվեցնէ իբրեւ յայտնուած՝ Աստուծոյ կողմէ: Որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս. « Ոչ մէկը կրնայ ըսել որ Աստուած Հայր է եթէ չ՛ունի Եկեղեցին որպէս Մայր»: Հետեւաբար, ի սկզբանէ եկեղեցին եղած է հաւատքի ու անոր փոխանցման վայր. Վայրը ուր մկրտեալը մխրճուած է Քրիստոսի Զատկական խորհուրդի մէջ որ զինք կ՛առաջնորդէ հաղորդութեան մէջ մտնելու` Սուրբ Երրորդութեան հետ ու հաւատքով իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։
Ստոյգ է որ Հաւատքը ունի աստիճաններ ընդարձակութեան եւ պատուականութեան տեսակէտներէն, ինչպէս կ՛երեւի Ս. Գիրքի հետեւեալ կէտերէն. «Տկար հաւատքի տէր մարդ, ինչո՞ւ տարակուսեցար», կամ ալ «Մեծ է քու հաւատքդ», ինչպէս նաեւ «Աւելցուր մեր հաւատքը»: Սակայն հաւատքը մէկ տեսակ է, եւ որ աստիճանի որ ըլլայ, անոր կը յարմարի միեւնոյն սահմանը: Գալով անոր արտադրած պտուղներուն եւ ընձեռած առաւելութիւններու, պիտի խօսնինք յաջորդ սփռումներուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.