2012-11-02 11:23:35

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Մէջ


Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնում, 30-31 Հոկտեմբեր, Գարեգին Բ Կաթողիկոսի նախագահութեամբ՝ գումարուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի հերթական ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով։
Ժողովի սկիզբը Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց խորհուրդի անդամներուն՝ արդիւնաւէտ աշխատանք մաղթելով ժողովականներուն։
Պատրիարքական տեղապահ Արիս Սրբազանը՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց շնորհակալութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, Երուսաղէմի Ս Աթոռին եւ եկեղեցական դասին հանդէպ իր ցուցաբերած զօրակցութեան համար։ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան գործունէութեան վերաբերեալ զեկուցեց Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանը։
Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեան զեկուցեց յառաջիկայ տարի գումարուելիք Հայ Եկեղեցւոյ Ընդհանուր եպիսկոպոսաց ժողովի առնչութեամբ, որուն ընթացքին մասնաւորապէս կը քննարկուին Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական յանձնաժողովի եւ սրբադասման յանձնաժողովի կատարած աշխատանքները։
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով, Մայր Աթոռի միջոցառումներուն մասին զեկոյց ներկայացուց յանձնաժողովի նախագահ Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանը։ Քննարկելով ներկայացուած՝ նախագիծը, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը իր գնահատանքը յայտնեց յանձնախումբին կատարուած աշխատանքին համար։
Ժողովականները մտահոգութեամբ անդրադարձան Սուրիոյ մէջ շարունակուող ողբերգական իրադարձութիւններուն, ցաւ յայտնելով Սուրիոյ ժողովուրդի եւ Սուրիահայ համայնքի կրած կորուստները, ինչպէս նաեւ օրեր առաջ Հալէպի Ս Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ հրդեհման պարագան։ Քննարկուեցան սիրիահայութեան զօրակցելու ուղիները, կարեւոր նկատուեցաւ նաեւ, որ եկեղեցական եւ ազգային կառոյցները օգնութիւն ցուցաբերեն Հայաստանի մէջ ապաստան գտած հայորդիներուն։ Ծանուցուեցաւ, որ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածինը արդէն երկու հարիւր հազար տոլար օգնութիւն փոխանցած է Դամասկոսի հայոց թեմին՝ սուրիահայութեան կարիքները հոգալու համար, իսկ Մայր Աթոռի մէջ գործող ՜՜Կլոր սեղան միջեկեղեցական հիմնադրամը՝՝ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ Հայաստան գտնուող սուրիահայերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.