2012-11-02 11:20:49

«Պէտք Է Աշխուժացնել Հալէպի Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիները Ազատ Արձակելու Ջանքերը» Կը Մաղթէ Նախագահ Սլէյման.


Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մաղթեց, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն, ինչպէս նաեւ Սամեր Նայիմի ազատ արձակման ջանքերը աշխուժանան եւ կարելի ըլլայ Լիբանան անոնց տունդարձի ապահովումը:
Նախագահ Սլէյման գոհունակութիւն յայտնեց լիբանանցի լրագրող Ֆիտա Այթանիի ազատ արձակումին առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա սկիզբ մը ըլլայ ազատ արձակելու նաեւ լիբանանցի բոլոր առեւանգեալները:
Նախագահ Սլէյման երէկ յետ միջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատելի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի զարգացումները:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Իպրահիմ Նաժժար եւ Ճօ Սարգիս, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին նախագահ Սլէյմանի ջանքերուն, որոնք կը միտին ներկայ տագնապալի հանգրուանէն դուրս բերել երկիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.