2012-11-01 12:14:27

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Հակոբեան Բարձրացուցած Է Սուրիահայերուն Համար Հայաստանի Մէջ Սեփական Գործ Հիմնելու Հարցը.


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մօտ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը , որուն մասնակցած են համահայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Խորհրդակցութեան նպատակը Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հիմնախնդիրներու քննարկումն էր, այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի գնահատումը եւ յիշեալ կառոյցներուն կողմէ յառաջիկայ ընելիքներու ճշգրտումը:
Սփիւռքի նախարար Յակոբեան անգամ մը եւս նշած է, որ սուրիահայերու հիմնախնդիրները Հայաստանի նախագահի անմիջական ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուին, եւ արդէն ընդունուած են Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան նախարարութիւններու` մէկ տասնեակէ աւելի որոշումներ, կատարուած են օրէնսդրական շարք մը փոփոխութիւններ:
Զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան: Նշուած է, որ սուրիահայերը կարելիութիւն ունին անվճար բուժօգնութիւն ստանալ առաջնային բժշկական սպասարկման համար, դիւրացուած է անձնագիրերու եւ երկիր մուտք գործելու արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը: Հանուած են փաստաթուղթերու ժամկէտանց ըլլալու պարագային սահմանուած տուգանքները: Չեն գանձուիր մեքենաներու ժամանակաւոր ներմուծման պարագային սահմանուած մաքսային վճարները: Երեւանի մէջ կը գործէ սուրիական կրթական ծրագիրով դպրոց, ուր կը յաճախեն 270 աշակերտներ, կը դասաւանդեն սուրիահայ ուսուցիչներ: Սուրիահայերու կողմէ ստեղծուած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու խնդիրներու համակարգումով, նիւթական աջակցութեան կազմակերպումով:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով գումարուած է միջգերատեսչական յանձնախումբի նիստ, որուն ընթացքին ձեւակերպուած է առաջ քաշուած հիմնախնդիրներու ցանկը եւ ներկայացուած է Հայաստանի վարչապետին:








All the contents on this site are copyrighted ©.