2012-11-01 10:42:21

Սիքստեան Մատուռի 500-րդ Տարեդարձի Առթիւ Ժամասացութեան Արարողութիւն։


31 Հոկտեմբեր 1512-ին Կիւրեղ Բ Քահանայապետը ժամասացութեան արարողութեամբ բացումը կը կատարէր Միքէլանճէլոյի սքանչելի ստեղծագործութեան, որ դարերու հոլովոյթին պիտի հմայէր աշխարհը, Սիքստինեան Մատուրի գեղակերտ կամարը։
Այդ թուականէն անցած են ահա 500 տարիներ ու այս յոբելեանի եւ Ամենայն սրբոց տօնին առթիւ, 31 հոկտեմբերի 2012 երեկոյեան ժամը 18-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սիքստինեան մատրան մէջ իր կարգին գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատաեց թէ <<աշխարհը խաւարի եւ անպատեհութեան արդիւնք չէ այլ յառաջ եկաւ իմացականութենէն, ազատութենէն ու Սիրոյ գերագոյն ներգործութենէն։ Աստուծոյ լոյսն է որ սիքստինեան մատրան որմնանկարները կը լուսաւորէ -յառեց Նորին Սրբութիւնը - ակնարկելով Միքելանճէլոյի 4 տարուայ (1508-1512) աշխատանքներով իրագործուած սքանչելիքին, որ 1000 մեթր քառակուսի տարածութեան վրայ 500 տարիներէ ի վեր <<կանթեղ>> մըն է գեղարուեստի աշխարհի համար։<<Աստուծոյ լոյսը որ իր զօրութեամբ կը յաղթէ խաւարին, կեանք պարգեւելու համար։Սիքստինեան մատուրը կը պատմէ այս լոյսի պատմութիւնը, փրկութեան եւ ազատագրումի պատմութիւնը ու կը խօսի Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ յարաբերութեան մասին...Աստուծոյ ու մարդու մատերու միութեան մէջ մենք կ՛ըմբռնենք կապը երկրի ու երկնքի միչեւ։Այստեղ աղօթելը հրաւէր մըն է համայն սուբրեուն հետ միասին, Արարիչ Աստուծոյ, Փրկիչ եւ ողջերու ու մեռեալներու դատաւորին, բարձրացնելու մեր աղերսը ըսելով <<Ամէն Ալէլուիա, Օրհնեցէք մեր Աստուածը` անոր բոլոր ծառաները, դուք որ` մեծ ու պզտիկ անոր երկիւղն ունինք>> Ուրախանանք եւ հրճուինք ու փառք տանք մեր Աստուծոյ։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.