2012-11-01 12:19:34

"ԾԻՐԱՆԻ ԳՕՏԻ " ծրագիրը (Պէյրութ) ։ Յայտարարութիւն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի ՝՝Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի՝՝ Կեդրոնէն։


Արուեստի դասընթացքներու եւ մարզական ժամանցի ծրագիր` Լիբանան ապաստանած սուրիահայ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար:
Այսու կը յայտարարենք, որ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը Սուրիայէն պարտադրաբար Լիբանան ապաստանած ընտանիքներու մանուկներուն եւ երիտասարդներուն համար կը հաստատէ գեղարուեստի դասընթացքներու եւ մարզական ժամանցի «Ծիրանի Գօտի» ծրագիրը` նպաստելու համար ծանօթ պատճառներով լարուածութեան մէջ գտնուող անոնց բարոյահոգեբանական վիճակի կազդուրման:
«Ծիրանի Գօտի-»ն կ՛ընդգրկէ լեզուներու, լուսանկարչութեան եւ նկարչութեան դասընթացքներ, հեքիաթի պատումի ժամ եւ մարզական խաղեր:
Դասընթացքներն ու մարզական խաղերը տեղի պիտի ունենան շաբաթ օրերը, ՀԿՄ-ի Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ: Անոնք ձրի են:
Արձանագրութեանց եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար ծնողները կրնան դիմել Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակ, հեռաձայն` 01 570 559, 70 857 427, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
Այս ծրագիրով սուրիահայ ընտանիքներուն եւ մանուկներուն կը մեկնենք աջակցութեան ձեռք, որուն կարիքը հիմա ունին անոնք: Այդպիսով կը յուսանք նաեւ հոգեւոր եւ ազգային պարտք մը կատարած ըլլալ` տագնապալի ժամանակներէ անցնող մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոն, Լիբանան:








All the contents on this site are copyrighted ©.