2012-10-31 12:56:31

Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը:
"Քրիստոնեան պարտաւոր է հաւատքը հաղորդելու Եկեղեցւոյ հաւատքի հիման վրայ"։


Չորեքշաբթի 31 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց` Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Հաւատոյ Տարուայ առթիւ կաթողիկէ հաւատքի մասին սկսած իր խորհրդածութիւնները շարունակելով, Սրբազան Քահանայապետը այսօրուայ խորհրդածութեան սկիզբը հարց տուաւ եթէ հաւատքը առանձնական բնոյթ ունի ու հարցումին պատասխանելով ըսաւ.

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր,
հաւատքի ներգործութիւնը անձնական խոր զգացում մըն է որ փոփոխութիւն մը կը նշէ, զղջում ու դարձ մը։ Այս ներգործութիւնը սակայն կղզիացած խորհրդածութեան արտացոլումը չէ այլ պտուղն է Յիսուսի հետ երկխօսութեան յարաբերութեան։
Որպէս մկրտութեան խորհուրդով վերանորոգուած ծնունդ մը, հաւատքը ինծի շնորհուած է Աստուծմէ հասարակութեան մը միջոցաւ որ է Եկեղեցին։
Հաւատքլը եկեղեցական ներգործութիւն մըն է եւ Եկեղեցւոյ հաւատքը կը կանխէ ու կը ծնանի եւ կը սնուցէ անձնական հաւատքը։ Ոչ մէկը կրնայ ըսել որ Աստուած Հայր է եթէ չ՛ունի Եկեղեցին որպէս Մայր - կ՛ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս։ Ի սկզբանէ եկեղեցին եղած է հաւատքի ու անոր փոխանցման վայր. Վայրը ուր մկրտեալը մխրճուած է Քրիստոսի Զատկական խորհուրդի մէջ որ զինք կ՛առաջնորդէ հաղորդութեան մէջ մտնելու` Սուրբ Երրորդութեան հետ ու հաւատքով իր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։
Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը, բոլոր տարիքի մկրտեալներուն կ՛երաշխաւորէ որ իրենց հաւատքի պարունակութիւնը Քրիստոսի առաքեալներուն հռչակած ինքնատիպ պատգամն է։
Հակառակ իր տկարութիւններուն ու սահմանաւորումին, քրիստոնեան որ կը թոյլատրէ որ Եկեղեցին զինք առաջնորդէ ու կազմաւորէ հաւատքին մէջ, կը դառնայ բաց պատուհան մը որ կը ստանայ Աստուածային լոյսը եւ զայն կը փոխանցէ աշխարհին։
Սիրելի բարեկամներ - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը - մենք պէտք ունինք Եկեղեցւոյ որպէսզի ունենանք մեր հաւատքի հաւաստիացումը ու ապրելու Աստուծոյ պարգեւներուն փորձառութիւնը։ Ամէն Քրիստոնեայ պարտաւոր է հաւատքը հաղորդելու ոչ թէ իր անունով այլ միշտ Աստուծոյ ընտանիքի միակ հաւատքի հիման վրայ որ է Եկեղեցին։
Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն ըսելով.
Վաղը կը տօնենք ամենայն սրբոց տօնը որ մեզի կը յիշեցնէ Սրբութեան ձգտումի տիեզերական կոչումը։
Սիրելի երիտասարներ` երջանկութեան ձեր ձգտումները թող իրականանան աւետարանի երանելիութիւններու մէջ.
Սիրելի հիւանդներ` Քրիստոսի հետ ձեր կրած խաչը թող սրբացնէ ձեզ սիրոյ մէջ. եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ գիտցէք կարեւորութիւնը տալ աղօթքին, որպէսզի ձեր ընտանեկան կեանքը ըլլայ սրբութեան ուղեւորութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.