2012-10-31 13:13:01

Սուրբ Պատարագ Ֆրանսայի համար Երուսաղէմի մէջ


Կիրակի 28 հոկտեմբեր 2012, առաւօտեան ժամը 10-ին, Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ համայնքին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի համար սուրբ Պատարագ, զոր մատոյց Երուսաղէմի Պատրիարքական փոխանորդ գերյ. հայր Յովսէփ թ.ծ.վ. Քէլէկեան, «Տիրամայր Ցաւոց» հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, 4-րդ կայան Ճանապարհ Խաչի: Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի մէջ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Պարոն Ֆրէտէրիք Տէզանիո:








All the contents on this site are copyrighted ©.