2012-10-31 12:59:56

Մարոնիներու Պըշարա Ռայի Պատրիարքը Վերադարձաւ Լիբանան։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի Պատրիարքը երէկ Հռոմէն վերադարձաւ Լիբանան:
Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն` ընդառաջելու Ազգային երկխօսութեան նիստի հրաւէրին: Ան շեշտեց, որ երկրին հարցերը պէտք է հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ քննարկուին` աւելցնելով, որ կառավարութեան փոփոխութիւնը կարելի է իրականացնել փոխադարձ հասկացողութեամբ եւ ոչ թէ անիշխանութեան ստեղծումով:
Կարտինալ ընտրուած Ռայի Պատրիարքը մերժեց քաղաքական բոլոր ամբաստանութիւնները, որոնք կատարուած էին հազարապետ-զօրավար Վիսամ Հասանի սպանութեան առումով:
Ռայի Պատրիարքը հաստատեց, որ Վիսամ Հասանի սպանութեան նպատակն էր Լիբանանը անորոշ կացութեան ենթարկել: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին ուղղած ազգային երկխօսութեան կոչին ընդառաջելը լաւագոյն ձեւն է երկրին լարուածութիւնը փարատելու:
Ռայի Պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, որոնք գետնի վրայ իրենց հակակշիռին տակ կ՛առնեն կացութիւնը եւ ապահովական կայունութիւն կը պարտադրեն: «Անոնք են Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող իսկական դարպասները»(ըսաւ նորընտիր կարտինալը):
Ընտրական առումով, Ռայի Պատրիարքը վերահաստատեց 1960-ի ընտրական օրէնքին դէմ իր մերժողական կեցուածքը` ընդգծելով, որ ընտրական այդ օրէնքը լիբանանցիներու տարակարծութիւններուն եւ հարցերուն իսկական աղբիւրն է: Ան կոչ ուղղեց համախոհութիւն մը գոյացնելու ընտրական նոր մշակուած ծրագիրի մը շուրջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.