2012-10-30 12:15:42

Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն Հռոմի մէջ։


Հռոմի Ս. Նիկողայոսի անուան Հայոց եկեղեցւոյ մէջ կիրակի 28 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին հայածէս ձայնաւոր Ս պատարագ մատոյց արհիապատիւ Վարդան եպ. Պօղոսեան՝ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդը, առընթերակայութեամբ գերյ. Անտոն Վրդ. Քէչէճեանի Ժողովրդապետ՝ Ուրուկուայի կաթողիկէ հայոց եւ գերյ. Գէորգ Ծ. Վ. Նորատունկեանի Մեծաւորը Հռոմի Լեւոնեան հայ դպրեվանքին։ Ս. արարողութեան ընթացքին գերապայծառ Պօղոսեանը սակաւագ Ձեռնադրեց կիսասարկաւագ Կենարիոս Լուսարարեանը, որ աւարտելէ ետք աստուածաբանութեան մասնաճիւղը կուսակրօն քահանայ պիտի ձեռնադրուի.
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեցին Անարատ Յղութեան միաբանութեան հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։
Ս Նիկողայոս եկեղեցին ծայրէ ծայր լեցուն էր հայ եւ իտալացի հաւատացեալներով, ներկայ էին եկեղեցական ու դաւանագիտական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, , ձեռնադրեալին բարեկամները կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ ու ժառանգաւորներ (որոնք նոյն համալսարանը կը յաճախեն) ներկայ էին նաեւ ձեռնադրեալին մայրն ու եղբայրը յատուկէն (Ուրուկուայէն Հռոմ) ժամանած այս արարողութեան համար։
Լեւոնեան վարժարանի մեծաւորը՝ գերյարգելի Գէորգ Ծ Վրդ Նորատունկեան, ձեռնադրիչ գերապայծառին ներկայացուց Կիսասարկաւագ Կենարիոս Լուսարարեանը, խնդրելով որ իրեն տայ սարկաւագի աստիճանը։
Ս. գրային ընթերցումներէն ետք պատարագիչ գերապայծառը քարոզին մէջ, փառք տուաւ Աստուծոյ որ իր եկեղեցին կը հարստացնէ նուիրեալ անձերով որպէսզի հովուեն Իր հօտը. ու ծառայեն Իր եկեղեցւոյ։ Վեր առաւ նոր սարկաւագին արժանիքները ու նուիրումի հոգին, (քանի որ անվարան այոն ըսաւ Տիրոջ կանչին, ապաւինելով Աստուծոյ ու Աստուածամօր ներգործութեան...)
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Կենարիոս սարկաւագը...
Սրբազան արարողութիւններէն ետք՝ եկեղեցւոյ մէջ ներկաները շնորհաւորեցին Լատին Ամերիկայի առաջնորդը, նոր սարկաւագ՝ Կենարիոսը ու անոր ընտանեկան պարագաները որմէ ետք Լեւոնեան վարժարանի դահլիճը տեղի ունեցաւ ճոխ հիւրասիրութիւն մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.