2012-10-30 12:41:36

Նոր Աւետարանութեան Նիւթով Եպիսկոպոսկան Սիւնհոդոսի Մասին Տպաւորութիւններ։


7-28 հոկտեմբեր Վատիկանի մէջ կայացաւ <<Նոր Աւետարանութիւնը ի սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման>> նիւթով եպիսկոպոսական ԺԳ սիւնհոդոսը որուն եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ անցեալ կիրակի 28 հեկտեմբերին` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի գլխաւորած Սուրբ Պատարագով։

Վերոյիշեալ սիւնհոդոսի մասին արտայայտուելով Պրիւքսէլի առաջնորդ` գերապայծառ Լեոնարտ ողջունեց եղբայրակցութեան մթնոլորտը որ կը տիրէր սիւնհոդոսի աշխատանքներուն ընթացքին։

Գերապայծառ Լեոնարտ ընդգծեց Աստուծոյ ժողովուրդին` եպիսկոպոսներու ուղղած պատգամին գեղեցկութիւնը։ Ան դիտել տուաւ որ դժուար եղաւ բանաձեւել առաջադրանքները, եւ մաղթեց որ ապագային` աշխարհականները եկեղեցւոյ մէջ աւելի կարեւոր դեր մը ունենան։ Հարկաւոր է որ սիւնհոդոսի աւարտին թեմերու մէջ ներկայացուի ու վերլուծուի Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղուած պատգամը - հաստատաեց Գերապայծառ Լէոնարտ։
Իսկ Իտալիոյ Քիեթի-Վասդօ թեմի առաջնորդը գերապայծառ ֆորթէ ըսաւ որ Վատիկանեան Բ. տիեզերական ժողովի հոգին յարատեւ կը փչէր սիւնհոդոսի աշխատանքներու վրայ։ Անոր գնահատումով Եկեղեցւոյ առաջին ու գլխաւոր մտահոգութիւնը պէտք է ըլլայ նոր սերունդը, հարկաւոր է անհատական կապեր հաստատել անոնց հետ, անսալ անոնց կարիքներուն ու զանոնք նկատի առնել։ Գերապայծառ ֆորթէ ապա մատնանշեց սիւնհոդոսի նիստերուն ընթացքին տիրող ուրախութեան ու յոյսի մթնոլորտին ու հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ աւետարանութեան մտահոգութիւնը յառաջ կու գայ մարդու հանդէպ անոր տածած մեծ սէրէն։
Սիւնհոդոսի աշխատանքներուն աւարտին սիւնհոդոսական հայրերու Աստուծոյ ժողովուրդին ուղղած պատգամին մէջ եպիսկոպոսները ընդգծեցին թէ Աւետարանը ծախու` արտադրութիւն մը չէ կրօններու շուկային մէջ։ Եկեղեցին բոլոր դարերու հոլովոյթին հրաւիրած է բարի կամք ունեցող մարդիկը հանդիպում ունենալու Յիսուս Քրիստոսի հետ, որպէսզի յուսափախութեան թիրախ չի դառնան։
12 էջնոց պատգամին մէջ սիւնհոդոսական հայրերը կը նշեն Աւետարանի նոր քարոզութեան վայրերը. ընտանիքը, նոր սերունդը, ժողովրդապետութիւնը, ընկերութեան զանազան դասկարգերը. գեղարուեստի ու տնտեսական աշխարհը ու նաեւ քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.