ՀՀ Նախագահը Սարգսեան Այցելած՝ Երևան բացուած Ոսկերչական Իրերու Ցուցահանդէսը։
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ը հոկտեմբեր 29-ին Երևանի «Արմենիա Մարրիոթ» հիւրանոցը ներկայ
գտնուած է ՝՝ Ոսկերչական Իրերու Ցուցահանդէսի՝՝ բացման արարողութեան : Ցուցահանդէսի
մէջ ներկայացուած են, ինչպէս հայրենական, այնպէս ալ աւելի քան 70 օտարերկրեայ Ընկերութիւններու
ու անհատներու աշխատանքներ: Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Համաշխարհային Ոոսկերիչներու
Ընկերակցութեան նախագահ Կայէթանօ Քավալիերի-ն և «Հայ Ոսկերիչներու Համաշխարհային Միութեան»
(AJA) նախագահ Գագիկ Գէորգեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը շրջած է արդեն
աւանդական դարձած այս ցուցահանդէսի տաղավարները, ծանօթանալով ներկայացուած ոսկերչական
արտադրութիւններուն եւ զրուցած Ցուցահանդէսի մասնակիցներուն հետ: