2012-10-30 11:58:28

Հալէպի Նոր Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին՝ Հրոյ Ճարակ.


29 Հոկտեմբերի երեկոյեան «Ազդակ» օրաթերթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ։ Ռէյիսեան Հալէպի հայկական թաղամասերուն վիճակին մասին տուած է հետեւեալ տեղեկութիւնները։
«Անցնող օրերուն քանիցս խօսուած, բայց մեր կողմէ ստուգուելէ ետք հերքուած լուր մը դժբախտաբար վերջին օրերուն դարձաւ իրականութիւն։ Համաձայն այսօր հասած վաւերական տուեալներու եւ ականատեսներու հաստատումներուն, Նոր Գիւղի (Մէյտան) Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ Եկեղեցին դարձած է հրոյ ճարակ։ Հրկիզուած են եկեղեցւոյ ներքնամասը, քարտուղարութեան, դպրաց դասի եւ յարակից այլ սենեակներ ու եկեղեցւոյ սրբանկարներն, սրբազգեստները։ Բաւական լուրջ վնասներ կրած է նաեւ նոր փակուած Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, իր մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններով։
«Ի լուր բարբարոսական այս դէպքին, խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այս արարքը, այն հաստատ համոզումով ու հաւատքով, որ գէթ Աստուած անպատիժ չձգէ Հալէպի պատմական մեծ Մմզկիթէն այլԱղօթավայրեր ու այսօր Ս. Գէորգ Եկեղեցի հաւատքի տուներու դէմ գործուած անմարդկային նման սրբապղծումները»։








All the contents on this site are copyrighted ©.