2012-10-30 12:28:46

Կարդինալ ֆիլոնին Յոյս Կը Յայտնէ Վերահաստատելու Երկխօսութիւնը Ս. Աթոռի Ու Փեքինի միջեւ։


Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը` կարտինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին, կոչ ուղղած է վերանորգելու երկխօսութիւնը Ս. Աթոռի եւ Փեքինի միջեւ, յույս յայտնելովոր երկկողմանի նոր կապեր հաստատուին Ս. Աթոռի ու Փեքինի միջեւ։
Կարդինալը մատնանշեց որ միշտատեւ ընդհարումով կարելի չէ հարցերը լուծել այլ փնտռուելու է Երկխօսութեան նոր եղանակ մը, կազմակերպելով կլոր սեղաններ աւելի բաց եւ աւելի բարձր աստիճանի վրայ։
Կարդինալ ֆիլոնին կը մէջբերէ Ս. Աթոռ-Վիէթնամ երկխօսութեան յանձնախումբի օրինակը, մինչ Չինաստանի համայնավար կուսակցութեան 18-րդ ժողովը կը պատրաստուի մեծ յեղաշրջումներ կատարել ազգային քաղաքականութեան ուղղութեամբ։ Ս. Աթոռը կը յուսայ երկխօսութեան նոր թափ մը սկսիլ երկկողմանի յարաբերութիւններու ի սպաս։ Կարդինալ Փիլոնին կը յիշեցնէ որ Չինաստանի եկեղեցին թէեւ բնաւ հերձուածող չէ եղած սակայն ներքին բաժանումի ենթարկուած է արտաքին միջամտութիւններու պատճառաւ։ Եկեղեցական հաշտութիւնը իրականացնելու համար հարկաւոր է երկխօսութիւն հաստատել Ս. Աթոռի եւ Փեքինի միջեւ հասատատած է Ժողովուրդներու աւետարանութեան ժողովի կառավարիչը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.