2012-10-30 12:29:06

՜՜Նոր Աւետարանութիւնը Ի Սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման՝՝ Նիւթով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական ԺԳ Սիւնհոդոսի Պատգամի 14 Հատուածները։


Եպիսկոպոսական ԺԳ Սիւնհոդոսի պատգամը Աստուծոյ ժողովուրդին։
Սիւնոդոսական հայրերը, 26 հոկտեմբերի՝ 20-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին, վաւերացուցին սիւնոդոսի 14 հատուածներէ բաղկացած պատգամը ուղղուած՝ Աստուծոյ ժողովուրդին։

Վկայութիւն տալ աւետարանին.
Պատգամի 14 հատուածներն են

1-Նման աղբիւրի մօտ գտնուող սամարացի կնոջ։
2-Նոր աւետարանութիւն մը։
3-Անձնական հանդիպումը Յիսուս Քրիստոսի հետ, եկեղեցւոյ մէջ։
4-Քրիստոսի հետ հանդիպումի առիթները եւ Ս. Գրային ունկնդրութիւնը։
5-Ինքնաաւետարանում՝ եւ տրամադիր ըլլալ դարձի (ապաշխարութեան)։
6-Օգտուիլ ներկայ աշխարհի տուած կարելիութիւններէն աւետարանութեան նոր կերպեր որոնելու։
7-Աւետարանում, ընտանիք եւ նուիրեալ կեանք։
8-Եկեղեցական հասարակութիւնը եւ աւետարանումի բազմաթիւ գործիչները։
9- Առիթներ որպէսզի երիտասարդները կարենան հանդիպիլ Քրիստոսին։
10-Աւետարանը մշակոյթի, մարդկային փորձառութեան եւ կրօններու հետ երկխօսութեան մէջ։
11-Հաւատքի տարուան մէջ, Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի յիշատակը եւ ակնարկը կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականին։
12-Քրիստոսի Խորհուրդը, ու չքաւորին հանդէպ մօտիկութիւնը։
13-Խօսք մը աշխարհի զանազան եկեղեցիներուն։
14-Տիրամօր՝ Մարիամի աստղը կը լուսաւորէ անապատը, Տիրամայրը (ինչպէս ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կրնայ ըլլալ ուղեցոյց մը անապատի մէջ ճամբորդութեան ընթացքին) Մարիամի լոյսը՝ նոր աւետարանութեան Աստղն է, յուսալից ապաւինինք Անոր։








All the contents on this site are copyrighted ©.