2012-10-29 12:46:20

Նոր Աւետարանութեան Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի Աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Շնորհակալական Խօսքը Ու Եկեղեցւոյ Կառավարութեան Մէջ Կարգ Մը Բարեփոխութիւններու Յայտարարութիւն։


Սրբազան Քահանայապետը անցեալ շաբաթ 27 հոկտեմբերին, եպիսկոպոսական ԺԳ ընդհանուր սիւնհոդոսի 22-րդ եւ վերջին նիստին առթիւ խօսք առնելով ժողովականներուն հաղորդեց Եկեղեցւոյ կառավարութեան` կարգ մը փոփոխութիւններ որոնք կը հային կղերի ժողովին եւ նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։ Արդարեւ Սրբազան Քահանայապետի որոշումով դպրեվանքերը` կաթողիկէ կրթութեան ժողովէն կ'անցնին կղերի ժողովի պատասխանատուութեան տակ իսկ կրօնսուցումը կղերի ժողովէն կ'անցնի նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։
Սրբազան Հայրը ապա իր սրտագին բարեմաղթութիւնները յայտնեց նոր կարդինալներուն ըսելով <<իմ այս նշանակումներով ուզեցի ամբողջացնել կարտինալական դասին թիւը, ու միաժամանակ յայտնել եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը։Եկեղեցին բոլոր ժողովուրդներու Եկեղեցի է, կը խօսի բոլոր լեզուներով եւ կը մնայ միշտ Պենետեկոստէի Եկեղեցի - յարեց Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց- <<ներկայ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի գեղեցիկ արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը։ Այս սիւնհոդոսը իրապէս եղաւ շինիչ, մխիթարական, քաջալերական եւ տիեզերական Եկեղեցւոյ իսկական հայելին իր տառապանքներով, վտանգներով, ապրած սպառնալիքներով եւ ուրախութեամբ` որոնք Տիրոջ ներկայութեան փորձառութիւններն են, նոյնիսկ դժուար պայմաններու մէջ։
Ակնատես եղանք թէ ինչպէս եկեղեցին կ'աճի, կ'ապրի։ Կը մտաբերեմ այն ինչ որ մեզի ըսուեցաւ Գամպոճայի, Նորվեկիայի եւ այլուր, ուր եկեղեցին դարձեալ կը ծնանի ու քրիստոնէական հաւատքը կը ծաւալի։ Այսօր եւս հոն ուր չենք ակնկաեր, Տէրը ներկայ է ու հզոր, Տէրը կը գործէ մեր աշխատանքի ու մշակներու միջոցաւ։
Նոյնիսկ երբ Եկեղեցին ընդդիմադիր ալիքներու կը հանդիպի, այն ատեն կը զգայ մասնաւորապէս Ս. Հոգւոյ օգնական շունջը որ մեզի ցոյց կու տայ ուղիղ ճանապարհը, եւ այսպէս քաջալերուած կը յառաջանանք ու գոհութիւն կու տանք Տիրոջ որ մեզ ժողովեց ու ապրեցնել տուաւ մեր կաթողիկէութիւնը` տիեզերականութիւնը։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայրերուն միջամտութիւններուն համար եւ որու շնորհիւ բանաձեւեցան առաջարկները` որոնք վկայթիւններ ու պարգեւներ են աշխատասիրելու համար վաւերաթուղթ մը որ կու գայ կեանքէն եւ պէտք է շնորհէ նոր կեանք մը։ Այդ ուղղութեամբ լիայոյս եմ եւ այս դիտաւորութեան համար կ'աղօթեմ։ Ամէն պարագային յառաջ երթանք Տիրոջ օգնութեամբ։ Երախտապարտ եմ բոլորիդ։ Ցտեսութիւն, Թէեւ շատերուն հետ նոյեմբերին դարձեալ կը տեսնուինք կարդինալական ժողովին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.