Եգիպտոսի ղպտիները այսօր կ՛ընտրեն իրենց նոր հոգեւոր պետը, որ պիտի յաջորդէ Շնոտա Գ.
պապը, որ մարտ 2012-ին վախճանած էր: Այդ պաշտօնին համար թեկնածու են երկու եպիսկոպոսներ
եւ երեք վարդապետներ: Բարձրաստիճան կրօնաւորներէ, ղպտի նախկին եւ ներկայ պաշտօնատարներէ,
ղպտի երեսփոխաններէ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու անդամներէ եւ լրագրողներէ կազմուած
եւ 2405 անձերէ բաղկացած մարմին մը այսօր պիտի կատարէ ղպտիներու 118-րդ պապի ընտրութեան
առաջին հանգրուանը, որուն ընթացքին առաւելագոյն քուէները ապահոված երեք թեկնածուներ կ՛անցնին
յաջորդ եւ վերջին հանգրուանին: 4 նոյեմբերին նախատեսուած՝ այդ հանգրուանին ընթացքին
աչքակապ ղպտի երեխայ մը կ՛ընտրէ այդ երեք թեկնածուներէն մէկը: