2012-10-29 12:26:03

«Սուրիոյ Մէջ Կացութիւնը Անելի Մատնուած Է»Կ՝ըսէ Ալեքսէյ Փուշքով։


Ռուսիոյ Տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալեքսէյ Փուշքով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը անելի մատնուած է»` նշելով, որ «աշխարհի երկիրները պէտք է գիտակցին, որ սուրիական տագնապը կարելի չէ ընդդիմութիւնը զինելու ճամբով լուծել»:
Փուշքով «Ռաշա Թուտէյ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց «Սուրիոյ մէջ ներկայ քաոսը տարածելու յանցանքով»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի ԱՖՓ լրատու գործակալութեան ուղղուած ե-նամակի մը մէջ յայտնեց, որ Դամասկոս ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներուն խախտումները ցանկագրելով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղարկած է` վստահեցնելով, որ Սուրիոյ բանակը զինուորական գործողութիւնները կասեցուցած է:
Մաքտիսի ըսաւ, որ «սուրիական կառավարութիւնը կատարելապէս յանձնառու է զինուորական գործողութեանց դադրեցման, ինչպէս նշուած է բանակի եւ զինեալ ուժերու սպայակոյտի հաղորդագրութեան մէջ, սակայն (զինադադարի) խզումները մեծամասնութեամբ կատարուեցան այն խմբաւորումներուն կողմէ, որոնք ի սկզբանէ մերժեցին զինադադարը, ինչպէս կը վկայեն անոնց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւնները»:
Մարդկային իրաւանց հսկող սուրիական մարմինը հաղորդեց, որ սուրիական ընդդիմութեան եւ քիւրտերուն միջեւ Հալէպի Աշրաֆիեէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին գերեվարուած 120 քիւրտեր ազատ արձակուած են:
Մինչ այդ, Իրաք երէկ Սուրիա ուղղուող իրանեան օդանաւի մը ստիպեց խուզարկութեան համար էջք կատարել Պաղտատ: Օդանաւը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն կը փոխադրէր, հետագային շարունակեց իր թռիչքը: Նշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Իրաք իրանեան օդանաւ մը կը խուզարկէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.