2012-10-28 12:00:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Քարոզը Նոր Աւետարանութեան Եպիսկոպոսական ԺԳ Սիւնհոդոսի Եզրափակիչ Պատարագի Ընթացքին։


Կիրակի 28 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9.30-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ <<Նոր Աւետարանութիւնը ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի փոխանցման>> նիւթով կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական ԺԳ սիւնհոդոսի եզրափակիչ արարողութիւնը, նախագահութեամբ` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետին ու մասնակցութեամբ` բոլոր սիւնհոդոսական հայրերուն ։

Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ, քաղուած էր Մարկոսի աւետարանէն, եւ կը խօսի Երիքովի Բարտիմէոս կոյրի բուժումի մասին։ Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ Մարկոս աւետարանիչի բոլոր աւետարանը հաւատքի ուղեւորութիւն մըն է որ աստիճանաբար կը զարգանայ Յիսուսի դպրոցին մէջ եւ աշակերտները այս հաւատքի յատնաբերումի առաջին դերակատարներն են, բայց անոնց կից կան նաեւ ուրիշ դերակատարներ ու ասոնց շարքին է Բարտիմէոս կոյրը։
Յիսուսի գործած այս հրաշքը, իր չարչարանքներէն առաջ, վերջինն է։Ան կը բանայ կոյրի մը աչքերը։ Անձի մը որ կորսնցուցած էր լոյսի տեսողութիւնը։ Կոյրի պատկերը կը ներկայացնէ մարդը որ Աստուծոյ լոյսին կարօտը ունի, եւ ունի հաւատքի լոյսին կարօտը որպէսզի կարենայ ճանչնալ իսակական ճշմարտութիւնը ու քալել կեանքի ուղիղ ճանապարհով։ Արդ հիմնական է ճանչնալ մեր կուրութիւնը ու լոյսի մեր կարիքը ապա թէ ոչ կոյր կը մնանք յաւիտեան։
Բարտիմէոս կոյրը ներկայացուած է որպէս օրինակ։ Ան ծնունդէն ի վեր կոյր մը չէ այլ իր տեսողութիւնը կորսնցուց աւելի ուշ։ Մարդն է որ գիտակից է թէ լոյսը կորսնցուցած է բայց տակաւին տոգորուած է յոյսով ու գիտէ Յիսուսի հետ հադիպման առիթը արժեւորել ու բուժուելու համար կը յանձնուի Անոր։
<<Որդի Դաւիթի, Յիսուս, գթա՛ վրաս>>։
Յիսուսի հետ այս հանդիպումով Բարտիմէոսի աչքերը կը բացուին ու ան կը շարունակէ իր ուղեւորութիւնը, ունենալով Յիսուսը` որպէս իրեն առաջնորդ։ Աւետարանիչը ուրիշ բան չ՛ըսեր Բարտիմէոսի մասին բայց անոր միջոցաւ մեզի կը ներկայացնէ ահա թէ ո՞վ է աշակերտը. Աշակերտը այն անձն է որ հաւատքի լոյսով կը հետեւի Յիսոուսին։
Նորին Սրբութիւնը ապա մէջբերեց Սուրբ Օգոստոնոսի մեկնաբանութիւնը այս հատուածի մասին ու զայն կապեց նոր աւետարանութեան սիւնհոդոսի ընթացքին շօշափուած ու քննարկուած նիւթերուն։
Բարտիմէոս կոյրը կրնայ ներկայացնել հինաւուրց աւետարանացուած այն շրջանները ուր հաւատքի լոյսը այլեւս տկարացած է։ Անոնք հեռացած են Աստուծմէ...ու իրենց կեանքի ուղեցոյցը կորսնցուցած ։ Շատ են այն անձերը որ կարիքը ունին նոր աւետարանութեան, այսինքն Քրիստոսի հետ նոր հանդիպումին։
<<Նոր աւետարանութիւնը համայն եկեղեցւոյ կը պատկանի>> ըսաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց սիւնհոդոի նիստերէն ի յայտ եկած իրողութիւններուն, նա մանաւանդ հովուական գետնի վրայ առաջադրուած քայելերուն, հաստատելով որ եկեղեցին պարտականութիւնը ունի աւետարանելու եւ մարդոց հռչակելու փրկութեան պատգամը նա մանաւանդ անոնց որ տակաւին չեն ճանչնար Յիսուս Քրիստոսը։
Արդ հարկ է աղօթել Սուրբ Հոգւոյն որպէսզի Եկեղեցւոյ մէջ յարուցէ միսիոնարական նոր ուժականութիւն մը որուն դերկատարներն են հովութեամբ զբաղող` կղերական դասն ու աշխարհականները։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ վերաւետարանութեան առաքելութեան ի սպաս գործածելիք նոր կերպերու, որոնք այսօրուայ մշակոյթին կը համակերպին եւ որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը յաղորդեն երկխօսութեան ու բարեկամական վերաբերմունքով որ իր հիմը կը գտնէ Աստուծոյ մէջ որ է Սէր։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - յարեց Սրբազան Քահանայպետը խօսքը եզրափակելով - Բարտիմէոս կոյրը իր տեսողութիւնը վերագտնելով աշակերտեց Յիսուսին. Այսպէս են նաեւ աւետարաի նոր քարոզիչները։ Անձինք որ Աստուծոյ փորձառութիւնը կ՛ապրին ու կը գտնեն սրտի ուրախութիւնը։
Մենք եւս դիմենք Յիսուսին ու մեր աչքերուն արջեւէն թող խաւարը փարատի ու գիտնանաք փարաւորել իսկական Աստուածը։ Ամէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.