2012-10-28 12:09:36

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքի Ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Զօրակցութեան Կոչ Ուղղեց Փոթորիկի Զոհ Գուպայի Բնակչութեան Ի Սպաս


Կիրակի 28 հոկտեմբերի գլխաւորած եպիսկոպոսական ԺԳ սիւնհոդոսի եզրափակիչ արարողութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին զօրակցութեան կոչ մը ուղղեց Գուպայի, Հայիթի, Ճամայիքայի եւ Պահամասի վրայ խուժած փոթորիկի զոհ` բնակչութեան ի սպաս, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները ու ապահովցնելով իր մօտիկութիւնը։
Բոլորդ կը հրաւիրեմ աղօթելու զոհերուն համար ու կոչ կ՛ուղղեմ զօրակուցութիւն ցուցաբերելու բնակչութեան ու զոհերու ընտանիքներուն - ըսաւ Սրբազան Հայրը իր կոչին մէջ- Զօրակցութիւն` զոհերու ընտանեկան պարագաներու ցաւերը սփոփելու համար ու հազարաւոր վնասուածներու օժանդակութիւն մատուցելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.