2012-10-27 12:04:43

''Նոր Աւետարանութիւնը Ի Սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման''
Եպիսկոպոսական Սիւնոհոդոսին Աստուծոյ Ժողովուրդին Ուղղուած` Եզրափակիչ Պատգամը։


Նոր Աւետարանութեան նիւթով Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքները, որ սկիզբ առած էին անցեալ 7 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի մէջ, Սրբազան Քահանայապետի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեամբ, վերջ կը գտնեն կիրակի 28 հոկտեմբերին։

Շաբաթ 27 հոկտեմբերին գումարուեցան երկու վերջին նիստերը որոնց ընթացքին Սիւնհոդոսական հայրերը քննարկեցին ու քուէարկեցին սիւնհոդոսի աշխատանքներու վերջնական առաջադրանքները։

Ուրբաթ 26 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստի ընթացքին տեղի ունեցաւ սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատգամի վերջնական քուէարկումը ու ապա անոր ներկայացումը։

Պատգամէն ի յայտ եկաւ թէ` եպիսկոպոսները մեծ յոյսով կը նային ապագային ու կը հրաւիրեն ամէնքը, աշխարհական կամ կղերական, որ շահագրգռութեամբ աշխատին Աւետարանը հռչակելու։

Պատգամը ունի 14 հատուածներ որոնցմէ առաջինը ակնարկ մըն է <<Բարի Սամարացի կնոջ Յիսուսի հետ հանդիպումին>>։ Պատկեր մը որ կը ներկայացնէ ժամանակակից մարդու` Աստուծոյ հանդէպ ունեցած ծարաւն ու կարօտը։Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է Տէրը ճանչցնել մարդոց, հետեիաբար Սամարացի կնոջ նման ով որ կը հանդիպի Յիսուսի ինք եւս կը դառնայ Աւետարանի յոյսի ու փրկութեան աւետումի վկայ։

Երկրորդ հատուածը կը խօսի նոր աւետարանութեան մասին։ Սիւնհոդոսը կը վերակոչէ հաւատքի վերարծարծումի պահանջը որ վտանգի կ՛ենթարկուի այսօրուայ մշակութային զանազան խաւերու պատճառաւ ու շատ մը մկրտեալներու մէջ հաւատքի տկարութեան հետեւանքով։ Սիւնհոդոսական հայրերը ցոյց կու տան ճանպարհը հաստատելով թէ <<Յիսուսի հետ հանդիպումը կարելի է միայն եկեղեցւոյ մէջ որպէս հիւրնկալ հասարակութիւն եւ հաղորդութեան փորձառութիւն>>։ Ասկէ մեկնելով քրիստոնեաները կը դառնան վկաներ ուր որ ալ գտնուին։
Այսու հանդերձ եկեղեցին կը վերահաստատէ թէ աւետարանելու համար հարկ է նախ եւ առաջ աւետարանուած ըլլալ ու արդ կոչ մը կ՛ուղղէ ապաշխարութեան, որովհետեւ Յիսուսի աշակերտներու տկարութիւնները կը վտանգեն անոր առաքելութեան հաւատալիութիւնը։
Պատգամին մէջ եպիսկոպոսներու կոչ կ'ուղղեն նաեւ բոլոր քրիստոնեաներուն որպէսզի հաւատքի զօրութեամբ յաղթահարեն իրենց վախերը եւ քաջութեամբ Աւետարանը տանին աշխարհի չորս կողմերը, որ թէեւ լի է անպատշաճութեամբ ու մարտահրաւէրներով սակայն կը մնայ միշտ Աստուծմէ սիրուած աշխարհ մը։
Ոչ մէկ յոռետեսութիւն ուրեմն. համաշխարհականացում, աշխարհականացում եւ ընկերութեան նոր երեւոյթները, գաղթականութիւնը, հակառակ դժուարութիւններու եւ չարչարաքներու, դառնալու են աւետարանութեան առիթներ։
Հարցը նոր ռազմաւարութիւններ գտնելը չէ, այնպէս թէ Աւետարանը ըլլար շուկայի արտադրութիւնմը , այլ վերագտնել միջոցները եւ կերպերը մարդիկը մօտեցնելու Յիսուսին։
Պատգամը, 7րդ հատուածին մէջ, նայուածքը կ՛ուղղէ <<ընտանիքին>> որպէս աւետարանութեան բնական վայր ու կը վերահաստատէ թէ եկեղեցին, քաղաքականութիւնը եւ ընկերութիւնը պէտք են պահպանել ու նեցուկ կանգնին ընտանեկան կառոյցին։ Ապա այս կառոյցին մէջ կը մատնանշուի կնոջ կարեւոր դերի մասին ու կը վերյիշուի ամուսնալուծումի եւ վերապսակուածներու հարցը հաստատելով թէ անոնք չեն լքուած Տիրոջմէ ու թէ եկեղեցին ամէնքը հւիրնկալող տուն մըն է։
Պատգամը ապա կ'ընգծէ ''նուիրեալ կեանքի'' կարեւորութիւնը ու կը նշէ ժոովրդապետութիւնը որպէս աւետարանութեան կեդրոն։ Հուսկ անդրադարձ կը կատարուի կղերական դասի շարունակական, կազմաւորումի կարեւորութեան մասին մինջ աշխրահականները կը հրաւիրուին աւետարանը քարոզելու եկեղեցւոյ հետ հաղորդութաեն մէջ մնալով։ Ապա յատուկ ակնարկ մը կ'ուղղուի երիտասարդներուն։

Պատգամին կը խօսի ապա երկխօսութեան կարեւորութեան մասին, գիտութեան, արուեստի աշխարհին, ոչ հաւատացեալներուն, քաղաքականութեան, հիւանդներուն ու տարապողներուն հետ, քոյր եկեղեցիներուն ու այլ կրօններուն հետ։ Սիւնհոդոսական հայրերը կը հաստատեն թէ միջկրօնական երկխօսութիւնը, հիմնուած յարգանքի եւ համագործակցութեան գաղափարականի վրայ, խաղաղութիւն կը յառաջացնէ։

Պատգամը կը կարեւորէ Հաւատքի Տարին, Վատիկանի տիեզերական Բ ժողովի յիշատակութիւնը ու Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէական վարդապետութեան ներակայացած առիթները ու այս ուղղութեամբ կ՛ընգծէ աղօթքի եւ մտածականի կարեւրութիւնը ինչպէս նաեւ աղքատներու հանդէպ հոգատարութիւնն ու ողորմութիւնը։

Պատգամը կը հրաւիրէ եկեղեցական ու հասարակական բոլոր խաւերն ու անդամները` - եպիսկոպոսները, քահանաները, նուիրեալ անձինք, ընտանիքներ, երիտասարդներ, քաղաքական գործիչներ եւ շատ մը ուրիշներ - գործելու մարդկային յառաջացումի ու անոր զարգացումին ի խնդիր։

Պատգամի աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը ակնարկ մը կ՛ուղղեն աշխարհի չորս ծաքերուն գտնուող եկեղեցիներուն եւ ամէն մէկ ցամաքամասին նոր աւետարանութեան հայող յատուկ յորդոր մը կ՛ուղղեն ։
Արեւելքի եկեղեցիներու հաւատացեալներուն կը մաղթեն որ անոնք ապրին իրենց հաւատքը խաղաղութեան եւ կրօնի ազատութեան պայմաններու մէջ. Ափրիկէի եկեղեցիներուն կը յանձնարարեն հին մշակոյթներու հետ հանդիպիլ, մինջ քաղքական իշխանութիւններէն կը խնդրեն բախումներու եւ բռնութիւններու դադրեցումը։ Հիւսիսային ամերիկայի քրիստոնեաներուն կոչ կ՛ուղղեն ապաշխարութեան, եւ կը յանձնարարեն զանոնք ըլլալու հիւրընկալ գաղթականներու եւ փախստականներու հետ։ Լատին Ամերիկան հրաւիրուած է իր առաքելութիւնը ապրելու դիմագրաւելեու համար մարտահրաւէրները ինչպէս աղքատութիւնը, բռնութիւնները եւ կրօնական բազմազանութեան իրողութիւնը։ Ասիոյ եկեղեցւոյ խօսք մը ուղղելով կը սիւնհոդոսը կը քաջալերէ զայն յարատեւելու հաստատ հաւատքի մէջ հակառակ իր փոքրամասնութիւն ըլլալուն ու յարատեւ կրած հալածանքին։ Եւրոպան որ աշխրհականացումի հոսանքի մէջ կ՛ապրի պէտք է յարատեւէ բոլորին բարիքը փնտռելու ու հասարակաց կեանքի բարելաւման ի խնդիր տածած աշխատանքով ու ապա Ովկեանեան ցամաքամասը հրաւիրուած է յանձնառութեամբ քարոզելու աւետարանը։

Պատգամը կ՛եզրափակուի աւետարանցումի Աստղ` Սուրբ Կոյս Մարիամի`բարեխօսութիւնը յայցելով. Մարիամ որ կ՛առաջնորդէ մարդկութեան քայլերը եւ կը լուսաւորէ անապատի ուղին այնպէս ինչպէս երկնքի աստղերը կը լուսաւորեն անապատի մթութիւնը։









All the contents on this site are copyrighted ©.