2012-10-27 13:28:05

Հարաւային Սուտանի Մահմետականները Կը Սատարեն Վերակառուցանելու Մայրաքաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցին։


Յոյսի նշոյլ մը քրիստոնեայ մահմետական խաղաղ համակեցութեան։

Տարֆուրի մահմետական կամաւորներ յայտնած են իրենց կամեցողութիւնը սատարելու Հարաւային Սուտանի, Թորիթ քաղաքի` ս. Պետրոս- ս.Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերաշինութեան, որ քանդուած էր Սուտանի բանակի կողմէ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։
Ոչ կառավարական միջազգային կազմակերպութեան տնօրէն` Ռիչարտ Տաուտ յայտարարեց որ Թորիթի աթոռանիստ եկեղեցւոյ վերակառուցումը քրիստոնեայ եւ մահմետական համայնքներու համար յոյսի ու խաղաղութեան խորհրդանիշ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.