2012-10-27 12:09:06

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Պատրիարքը Պիտի Ընտրուի Նոյեմբերին.


Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի՝ Երուսաղէմի պատրիարք դառնալուն հարցը տակաւին յստակ չէ: Խաժակ սրբազանը Երուսաղէմի հայոց պատրիարք ընտրուելու համար, նախ ընտրող ժողովի մասնակիցները պէտք է քուէարկեն անոր օգտին, ապա ինք անձամբ պէտք է փափաքի պատրիարք դառնալ: Այս մասին յայտնած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքի տեղապահ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանը՝ ըստ «Արմէնփրէս»լրատու գործակալութեան :
«Հանգուցեալ պատրիարքին յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ եւ մահէն 40 օր ետք, երբ քառասունքը կը լրանայ, նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կը սկսի: Դժուար է ըսել, թէ ո՛վ պիտի դառնայ պատրիարք, որովհետեւ թեկնածութիւններ չեն յայտարարուած տակաւին: Տեղի կ՛ունենայ ժողով մը, որուն ընթացքին գաղտնի քուէարկութիւն կը կատարուի եւ հինգ թեկնածուի անուններ կ՛ընդգրկուին, ապա երկրորդ քուէարկութեամբ՝ 5էն մէկը կը դառնայ պատրիարք»( ըսած է Արիս արք. Շիրվանեան) :

Երուսաղէմի մէջ Հոկտեմբեր 12ին վախճանեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք՝ ամենապատիւ Տ. Թորգոմ արքեպիսկոպոս Մանուկեանը: 93ամեայ պատրիարքը 60 տարի նուիրումով ծառայած էր հայ եկեղեցւոյ: Ան նաեւ եղած էր «Սիոն» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, Ճեմարանի փոխտեսուչ եւ տեսուչ: Մանուկեան ծառայած էր ԱՄՆի մէջ՝ Քրիստոսի եկեղեցիներու ազգային ժողովի յանձնաժողովին մէջ, նախագահած էր «Կրօնը ամերիկեան կեանքին մէջ» խորհուրդին: Ան եղած էր նաեւ «Խղճմտանքի կոչ» անուան հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդի անդամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.