2012-10-27 12:59:06

Ինտոնեզիայի Իշխանութիւնները Քրիստոնեայ Ինը Եկեղեցիներ Կը Փակեն Ծայրայեղ Մահմետականներու Ճնշումով։


Ինտոնեզիայի Սումադրա կղզիի իշխանութիւնները տեղի տալով ծայրայեղ մահմետականներու ճնշումներուն, 9 եկեղեցիներ եւ պուտտտայական 6 տաճարներ փակել տուած են, յայտարարած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւնը։
Յայտնենք որ Սումադրա կղզին ունի իւրայատուկ օրէնք մը հիմնուած իսլամական շարիայի կիրարկումի վրայ, հետեւաբար շատ դժուար է որ կրօնական փոքրաթիւ համայնքները արտօնութիւն ունենան նոր եկեղեցիներ կառուցանելու ։








All the contents on this site are copyrighted ©.