2012-10-26 13:30:12

Ս. Երկրի Եպիսկոպոսները Կը Դատապարտեն Իսրայէլի Իշխանութեան Կողմէ Գրեմիզանի մէջ Բռնագրաւուած Հողերը։


Ս. Երկրի կաթողիկէ եպիսկոպոսները խստիւ դատապարտած են իսրայէլեան իշխանութեան կողմէ կատարուած հողերու բռնագրաւումը Բեթղեհէմի շրջանին մէջ։Բռնագրաւումները կատարուած են կառուցանելու համար բաժանումի պատը։ Այդ շինանարութիւնը միջազգային գետնի վրայ ապօրինի հռչակուած է Լա-Հայ միջազգային դատարանէն եւ որուն կառուցումով 58 քրիստոնեայ ընտանիքներ կը զրկուին կեանքի ապրուստէն (հողամշակոյթ) ու ջուրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.