2012-10-26 13:05:22

''Նոր Աւետարանութիւնը'' Նիւթով Եպիսկոպոսական Սիւնոհոդոսի Եզրափակիչ Պատգամի Ներկայացումը։


RealAudioMP3 Ու Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին խօսքը։
Վատիկանի մէջ 7 էն 28 Հոկտեմբեր գումարուած՝ <<Նոր Աւետարանութիւնը ի սպաս Քրիստոնէական Հաւատքի Փոխանցման>> նիւթով եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը հասաւ իր աւարտին։
Սոյն սիւնհոդոսին մասնակցեցան աշխարհի հինգ ցամաքամասերէ Հռոմ ժամանած՝
250-է աւելի եպիսկոպոսներ որոնք Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի շուրջ հաւաքուած, երեք շաբաթներու ընթացքին, միասնաբար խորհրդածեցին <<Նոր Աւետարանութեան>> նիւթին մասին։

Ուրբաթ 26 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստի ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ներկայութեամբ, Սիւնհոդոսական հայրերուն ներկայացուեցաւ ՜՜Սիւնհոդոսի Աւարտական Պատգամը՝՝ որ ապա մամուլին ներկայացուեցաւ, Կարդինալ Ճուզզեփփէ Պեթորի՝ սիւնհոդոսի Պատգամի Ուսումնասիրութեան Խորհուրդի Նախագահին, գերապայծառ Փիէր Մարի Գարրէ՝ Սիւնհոդոսի յատուկ Քարտուղարին եւ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի՝ Վատիկանի բանբերի միջմտութիւններով։

Սիւնհոդոսի Աւարտական Պատգամի մասին արտայայտուեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը՝ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը.








All the contents on this site are copyrighted ©.