2012-10-26 13:30:21

Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ Կաթողիկէ Դաստիարակներու Համաշխարհային Միութեան Վեհաժողով։


2012-2013 տարեշրջանի հռչակուած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, 26-30 հոկտեմբեր Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ Կաթողիկէ դաստիարակներու Համաշխարհային Միութեան վեհաժողովը որուն ընթացքին ժողովականները պիտի քննարկեն <<դաստիարակի եւ ընտանիքի դերը աշակերտներու կազմաւորման ի սպաս>>։

Ուրբաթ 26 հոկտեմբերին Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան Համալսարանի մէջ կը սկսին դասախօսական շարք մը ելոյթներ որ ունին որպէս նիւթ <<երկխօսութեան եւ հաշտութեան հոգեւորութիւն մը>>։ Սոյն նիւթին շուրջ նախատեսուած են վեց ներկայաուցմներ որոնք տեղի կ՛ունենան համալսարանի <<Իքնատիոսեան հոգեւորականութեան>> կեդրոնի սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.