2012-10-26 13:02:23

Հալէպի Մէջ Կացութիւնը Կրկին Վատթարացած ։


«Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնեց, որ Հալէպի թաղամասերուն մէջ քանի մը օրէ ի վեր տիրող հանդարտ մթնոլորտը 25 հոկտեմբերին կրկին լարուեցաւ, եւ քիչ մը ամէն տեղ բախումներ, կրակոցներ եւ հրացանաձգութիւններ սկսան` հասնելով մինչեւ օդակայան:
Ժիրայր Ռէյիսեան հաստատեց, որ վիճակը կրկին մտահոգիչ ու վտանգաւոր դարձած է, մանաւանդ որ ընդդիմադիրները կը փորձեն նորանոր թափանցումներ կատարել: Ան դիտել տուաւ, որ ընդդիմադիրներուն եւ բանակին միջեւ բուռն բախումներ տեղի ունեցած են Ժալլա շրջանին մէջ, ուր մեծ թիւով հայեր, քրիստոնեաներ կը բնակին, կան եկեղեցիներ ու դպրոցներ: Կրակոցներ լսելի դարձած են նաեւ Ազիզիէի մուտքին:
Ըստ Ռէյիսեանի, ընդդիմադիրները փորձած են թափանցել որոշ թաղամասեր, ուր նաեւ հայեր կը բնակին: Անոր համաձայն, փոխադարձ հրացանաձգութիւնը շարունակուած է, սակայն յստակ պատկեր չկայ վնասներու, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստներու վերաբերեալ: Բանակը կը փորձէ ետ մղել ընդդիմադիրները: Անդրադառնալով Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն` Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ թաղամասին մէջ քիչ թիւով հայեր կը բնակին` աւելցնելով, որ նախորդող օրերուն առաւել հանդարտ թաղամասը ներկայիս ներառուած է բախումային շրջաններուն մէջ: Հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին մասին ան նշեց, թէ այնտեղ մեծ վտանգ կը հանդիսանան արձակազէնները, որոնք մնայուն ներկայութիւն են, կայ նաեւ մնայուն հաւանականութիւնը` «Հաուն» տիպի հրթիռներու իյնալուն: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ դրութեամբ մարդկային նոր զոհեր չկան:
Հայաստանէն Հալէպ հասած մարդասիրական օգնութեան օդանաւին առնչուող «Ազդակ»-Օրաթերթի հարցումին պատասխանելով` Ռէյիսեան ըսաւ, որ օժանդակութիւնը տակաւին օդակայանը կը գտնուի եւ աշխատանք կը տարուի զայն դուրս հանելու` համապատասխան ձեւակերպումներն ու դասաւորումները կատարելէ ետք:








All the contents on this site are copyrighted ©.