2012-10-26 13:36:55

«Նոր աւետարանացումը եւ քրիստոնեական հաւատքի փոխանցումը»


Քրիստոնէական հաւատքի փոխանցումը եւ անհաւատութիւնը
(2)
Ըստ Աարդրին, որ իրապաշտութեան հայրը կր նկատուի, մարդը մարդ է իր ազատութեամբ, այս է անոր էութեան սահմանումը: Եւ Աստուծոյ մը գոյութիւն ունենալը արդէն իսկ կր սահմանափակէ մարդը: Աեպենք թէ Աստուած մը ստեզծեց մարդը, ուրեմն մարդուն գոյութիւնը յղացուած է իրմէ դուրս էակի մր կողմէ, հետեւաբար, ան պէտք է ծառայէ այդ էակի նպատակին: Որով ան կր դադրի ազատ ըլլալէ, քանի որ իր գոյութիւնը ուրիշի մը կր պարտի: Ուստի երկուքէն մէկը կամ Աստուած գոյութիւն ունի եւ այդ պարագային մարդուն գոյութիւնը կախեալ է Աստուծմէ: կամ մարդը Աստուծմէ անկախ գոյութիւն ունի, այսինքն ազատ է եւ տէր իր ճակատագրին, եւ այս պարագային Աստուծոյ գոյութիւնը կր ժխտուի: Ահռելի երկրնտրանք մը, իրաւամբ: Կայ նաեւ դասակարգ մր անհաւատներու, որոնք ոչ թէ գիտական կամ աստուածաբանական նկատումներէ տարուած են, այլ կրօնքի եւ եկեղեցիներու գործած կարգ մր սխալներու հետեւանքով մոլորած, կորսնցուցած են իրենց հաւատքը: Կրօնքր աստուածային է, բայց կրօնքի սպասաւորները մարդ են: Դարերու պատմութիւնը ցոյց կու տայ թէ բազմաթիւ եղած են կրօնքը երկրային նպատակներու համար շահագործողները: Զարմանալի չէ որ Քրիստոնեաներ իրենց տկար կրօնական դաստիարակութեան պատճառով՝ կրօնքր նկատեն ոչ թէ իբր Աստուածային ճշմարտութիւններու յայտնութիւն մը, այլ իբր շարժում մը, որ մարդիկը կր շահագործէ:
ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄ ՄԸ
Այս բոլոր տուեալները աչքի առջեւ ունենալով, եկեղեցին պարկեշտ մօտեցումով, ջանացած է միշտ ցոյց տալ անաստուածութեան իսկական պատկերր, մանաւանդ վատիկանեան Բ. ժողովի ընթացքին, առանց կանխակալ դատապարտութեան: Եկեղեցին զայն նկատած է դարուն մեծագոյն հարցերէն մին եւ անոր մօտեցած է առարկայական մտքով, վերլուծելով անոր ծնունդին ու գոյատեւումին խոր պատճառները:
Իսկ մենք որ, ըստ եկեզեցւոյ դատողութեան, պատասխանատու ենք շատերու հաւատքի տկարացումին, կրնա՞նք մեր դիրքորոշումը ճշդել անոնց հանդէպ: Կրնա՞նք տակաւին ի զօրու նկատել այն դատանիշներր որոնցմով սովոր էինք դատապարտել մեր Հաւատքր չբաժնողներր: կրնա՞նք մնալ այն համոզումով թէ անաստուածը կամ անհաւատը այն էակն է որ կր մերժէ Աստուծոյ գոյութիւնը, որովհետեւ ան արգելք է իր սանձարձակ ապրելու տենչանքին, եւ կր վիրաւորէ իր հպարտութիւնը կամ կր խափանէ իր ծրագիրները:
Կրօնական զարգացումը ունի իր կարեւոր դերը արդի աշխարհին մէջ: Անհաւատները շատ անգամներ զարգացած մտաւորականներ են եւ կ'օգտագործեն գիտութեան նորագոյն տուեալները իրենց դիրքր զօրացնելու համար: Իսկ քրիստոնեան յաճախ կր գոհանայ իր պատանեկութեան շրջանին ստացած կրօնական գիտելիքներու պաշարով, որ չի բաւարարեր չափահաս, հասուն մարդու պահանջքները եւ կր կորսուի հակառակորդի մր առաջին հարուածներուն տակ: Ան ինչպէս կրնայ դիմագրաւել լուրջ առարկութիւնները անհաւատի մը երբ իր անձնական համոզումները հազիւ կրնան կանգուն մնալ:
Բնութիւնը չի տարակուսիր Աստուծոյ գոյութեան մասին: Երբ Աստուծոյ գոյութեան կամ չգոյութեան մասին կր հարցադրենք, բնութեան պատասխանը բացայայտօրէն դրական է: Տիեզերքր զինք ստեղծողիին մասին անդադար կր վկայէ, ինչպէս որ սաղմոսերգուն կ'ըսէ. «Երկինքը Աստուծոյ փառքը կը պատմէ»:
Ամբողջ բնութեան մէջ մարդն է որ Աստուծոյ մասին կր տարակուսի: Մարդուն պատասխանը երկու կերպարանք ունի. ոմանց մօտ հաւատքը դժուարութեամբ կ'աճի, ուրիշներուն մօտ հեշտօրէն: Կարգ մը մարդոց հաւատքը փուշերու մէջ կ'իյնայ, ուրիշներունը՝ ճանապարհի եզերքին, եւ անարմատ կը մնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.